image

Հեղինակազուրկը

Հեղինակազուրկը

Ահա­ւասիկ խօսք մը, որ կը գե­րազան­ցէ ըսո­ղին ծան­րութիւ­նը։ Պար­տինք հարցնել, ո՞վ ես դուն, որ հա­մար­ձա­կիս հայ ժո­ղովուրդին ազ­դա­րարել Արա­րատի խոր­հուրդը իր զի­նան­շա­նէն հե­ռաց­նե­լու հա­մար։ Աւե­լին՝ դուն ի՞նչ կապ ու­նիս Արա­րատի եւ անոր խոր­հուրդի հետ։ Դոյզն իսկ գրա­ճանաչ ըլ­լա­յիր, կար­դա­ցած պի­տի ըլ­լա­յիր Էճէ Թե­մել­քուրա­նի իմաս­տա­լից զրոյ­ցը ամե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծու­հի Սիլ­վա կա­պու­տի­կեանի հետ։

Այդտեղ Կա­պու­տի­կեան դի­մելով Թե­մել­քուրա­նին կ՚ըսէ հե­տեւեալը. «Արա­րատը ձե­զի հա­մար բարձրու­թիւն կը նշա­նակէ, իսկ մեր մօտ խո­րու­թիւնը»։

Այդ էր որ Էճէ Թե­մել­քուրան շա­րադ­րած գիրքն ալ անո­ւանեց այդ հաս­տա­տու­մով՝ «Աղ­րըի խո­րու­թիւնը»։

Յայտնի է որ հե­ղինա­կութենէ զուրկ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չը իր գտնո­ւած վայ­րին հա­մապա­տաս­խան եւ հա­ճելի թո­ւելու մար­մա­ջով ար­տա­սանած է իր հա­սակէն վեր խօս­քեր։Այդ պա­հուն ան գի­տէ թէ նման ելոյ­թը ար­ժա­նի պա­տաս­խա­նը պի­տի չգտնէ հայ­կա­կան կող­մէն։

Մենք զգու­շացնենք, որ­պէսզի բաց­թո­ղում չըլ­լայ։

Դուն եւ ցան­կա­ցած նման­ներդ պէտք է քա­նի մը ան­գամ ցօ­ղուէք ձեր բե­րան­նե­րը, նախ­քան Արա­րատի եւ հա­յոց սրբու­թիւննե­րու մա­սին խօ­սիք։

 

 

 

Ինչպիսի՞ն է հե­ղինա­կազուրկը։ Ան մար­դու տե­սակ է, որ չէ կազ­մած իր ան­հա­տակա­նու­թիւնը եւ կ՚ապա­ւինի ու­ժի մը շու­քին։ Գի­տէ թէ ուր պի­տի լռէ եւ ուր պի­տի խօ­սի։ Երբ խօ­սի, ձայ­նի ինչ ուժգնու­թեամբ կամ ինչ շեշ­տադրու­մով։ Այդ բո­լորը ճշդո­ղը ոչ թէ ինքն է, այլ տի­րոջ նա­խասի­րու­թիւնը։ Եթէ տէ­րը նիւ­թի մը շուրջ բարձրա­ձայն պի­տի առար­կէ, ինք այդ նոյն առար­կութիւ­նը կը կրկնէ տի­րոջ ձայ­նը գե­րազան­ցող բարձրու­թեամբ։

Այս կեր­պարնե­րը եթէ ոչ մարդկու­թեան, բայց իրենց տի­րոջ հա­մար միշտ պի­տանի են։

Յի­շենք Թուրքիոյ քա­ղաքա­կանու­թեան մէջ կա­րեւոր նշա­նակու­թիւն ու­նե­ցող քա­ղաքա­կան գոր­ծիչնե­րը եւ անոնց հե­ղինա­կու­թե­նէ զուրկ փո­խանորդնե­րը։ Այս պա­հուն կը մտա­բերեմ Թուրկութ Էօզա­լը։ Ան վար­չա­պետի եւ կու­սակցա­պետի իր կո­չումնե­րը թո­ղելով կը պատ­րաստո­ւէր նա­խագա­հական աթոռ բազ­մե­լու։ Այդ պա­հուն կա­րիքը զգաց զինք փո­խարի­նող մէ­կու մը։ Գտան, եւ դիւ­րին գտան, քա­նի որ պա­հես­տի մէջ միշտ կան նման կեր­պարներ։

Էօզալ ան­ցաւ նա­խագա­հի աթո­ռին, իր տե­ղը թո­ղելով այդ հե­ղինա­կու­թե­նէ զուրկ գոր­ծի­չին։

Նոյն օրի­նակին հե­տեւե­ցաւ այժմու նա­խագահ Էր­տո­ղան։ Ան ալ իր կար­գին, երբ վար­չա­պետի աթո­ռէն պի­տի անցնէր նա­խագա­հի կո­չու­մին յայ­տա­րարեց որ կը որո­նէ հե­ղինա­կու­թիւն չու­նե­ցող անուն մը։ Այդ օրե­րուն հե­ղինա­կու­թիւնը չու­նե­ցողը կը բնու­թագրէին «ցածր փրո­ֆիլ»։

Երբ այդ ալ գտան, եր­բեմնի հա­ղոր­դակցու­թեան նա­խարա­րը նշա­նակե­ցին վար­չա­պետ։ Ինք վար­չա­պետի կո­չու­մով ոչ ընե­լիք ու­նէր, ոչ ալ ըսե­լիք։ Բայց մեծ ձեռնհա­սու­թեամբ կը կրկնէր նա­խագա­հի խօս­քե­րը, նոյ­նիսկ ան­կէ աւե­լի բարձրա­ձայն ու վճռա­կամ։

Էր­տո­ղանի առա­ջին նա­խագա­հու­թեան շրջա­նին ալ նոյ­նը պա­տահած էր եւ այս ան­գամ ալ եր­բեմնի Ար­տա­քին Գոր­ծոց Նա­խարա­րը փո­խարի­նած էր իրեն։

Զար­մա­նալին այն է, որ նման հե­ղինա­կազուրկներ բո­լոր պայ­մաննե­րու տակ կը շա­րու­նա­կեն իրենց սե­փական նա­ւով նա­ւար­կել եւ միշտ գտնել նո­րանոր տէ­րեր։ Այսպի­սինե­րէն մէ­կը վեր­ջերս Պա­քու այ­ցե­լելով այդտե­ղէն յայ­տա­րարեց թէ հա­յերը պէտք է զի­ջին Ատրպէյ­ճա­նի պա­հանջնե­րուն դի­մաց եւ Արա­րատ Լե­րան կեր­պա­րը դուրս հա­նեն ազ­գա­յին զի­նան­շա­նէն։

Ահա­ւասիկ խօսք մը, որ կը գե­րազան­ցէ ըսո­ղին ծան­րութիւ­նը։ Պար­տինք հարցնել, ո՞վ ես դուն, որ հա­մար­ձա­կիս հայ ժո­ղովուրդին ազ­դա­րարել Արա­րատի խոր­հուրդը իր զի­նան­շա­նէն հե­ռաց­նե­լու հա­մար։ Աւե­լին՝ դուն ի՞նչ կապ ու­նիս Արա­րատի եւ անոր խոր­հուրդի հետ։ Դոյզն իսկ գրա­ճանաչ ըլ­լա­յիր, կար­դա­ցած պի­տի ըլ­լա­յիր Էճէ Թե­մել­քուրա­նի իմաս­տա­լից զրոյ­ցը ամե­նայն հա­յոց բա­նաս­տեղծու­հի Սիլ­վա կա­պու­տի­կեանի հետ։

Այդտեղ Կա­պու­տի­կեան դի­մելով Թե­մել­քուրա­նին կ՚ըսէ հե­տեւեալը. «Արա­րատը ձե­զի հա­մար բարձրու­թիւն կը նշա­նակէ, իսկ մեր մօտ խո­րու­թիւնը»։

Այդ էր որ Էճէ Թե­մել­քուրան շա­րադ­րած գիրքն ալ անո­ւանեց այդ հաս­տա­տու­մով՝ «Աղ­րըի խո­րու­թիւնը»։

Յայտնի է որ հե­ղինա­կութենէ զուրկ քա­ղաքա­կան գոր­ծի­չը իր գտնո­ւած վայ­րին հա­մապա­տաս­խան եւ հա­ճելի թո­ւելու մար­մա­ջով ար­տա­սանած է իր հա­սակէն վեր խօս­քեր։Այդ պա­հուն ան գի­տէ թէ նման ելոյ­թը ար­ժա­նի պա­տաս­խա­նը պի­տի չգտնէ հայ­կա­կան կող­մէն։

Մենք զգու­շացնենք, որ­պէսզի բաց­թո­ղում չըլ­լայ։

Դուն եւ ցան­կա­ցած նման­ներդ պէտք է քա­նի մը ան­գամ ցօ­ղուէք ձեր բե­րան­նե­րը, նախ­քան Արա­րատի եւ հա­յոց սրբու­թիւննե­րու մա­սին խօ­սիք։

 

Բագրատ Էսդուգեան

Նիւթը՝ «Ակօս»էն / Պոլիս