ՀԲԸՄ Հայաստանը կը յայտարարէ «Կին ձեռներէցներ» ծրագրի նոր խումբի մեկնարկի մասին` նախատեսուած Հայաստանի եւ Արցախի մէջ գործող առեւտուրին համար: ՀԲԸՄ «Կին ձեռներէցներ» ծրագիրը կը նպաստէ կանանց ձեռնարկատիրական գիտելիքներու եւ հմտութիւններու զարգացման, ինչպէս նաեւ կ'ընձեռէ մինչեւ 2.000.000 դրամի չափով դրամաշնորհի արժանանալու հնարաւորութիւն:
Ծրագրին կրնան դիմել Հայաստանի եւ Արցախի մէջ բնակող կանայք, ովքեր
- ունին ՀՀ քաղաքացիութիւն,
- 18 եւ բարձր տարիքի են,
- ունին առնուազն 1 տարի գործող սեփական առեւտրային ծրագիր,
- արձանագրուած առեւտրային ընկերութեան պարագային փաստաթուղթերով կը հանդիսանան անոր օրինական սեփականատէր կամ համահիմնադիր,
- պատրաստ են շաբաթական երկու անգամ մասնակցելու եռամսեայ դասընթացքին,
- պատրաստ են կատարելու առաջադրանքները սահմանուած ժամկէտներու մէջ եւ աշխատելու ծանրաբեռնուած աշխատանքային ժամանակացոյցով:
Դիմումերու ընդունման վերջնաժամկէտն է Յունիս 3, ժամը` 17:00:
Ծրագրի մանրամասներուն կրնաք ծանօթանալ այստեղ:
Դիմում-յայտը կրնաք լրացնել այստեղ: