image

«Հայու քաջ տեսակն է, որ ապահովելու մեր ազգի ապագան».Սերուժ Գրաճեանի «Զարթիր Լաօ»ն (Տեսանիւթ)

   «Հայու քաջ   տեսակն է,  որ  ապահովելու մեր ազգի ապագան».Սերուժ Գրաճեանի  «Զարթիր Լաօ»ն (Տեսանիւթ)

 

 Գանատահայ երաժիշտ, դաշնակահար Սերուժ Գրաճեանն օրերս ուզած է յատուկ ձեւով մը միանալ Հայաստանի մէջ ծաւալած ընդդիմադիր շարժումի պայքարին։

 Արուեստագէտը իւրայատուկ եւ արդիական ոճով դաշնակի վրայ կատարած է «Զարթիր Լաօ» երգի արժանանալով հազարաւոր դիտողներու ուշադրութեան եւ գնահատանքին։

 

Ան նաեւ այս կատարումով լոյսին բերած ու յիշատակը յարգած է այն հերոս տղաներուն, որոնք զոհաբերեցին իրենց ամէնէն թանկը՝ կեանքը եւ ինկան Արցախի տարբեր ճակատներուն վրայ։ 

 Գրաճեան այս առիթով ալ յիշած է իր մտերիմ ընկեր գանատահայ ՝ Քրիստափոր Արթինը, որ իր գաղափարակիցներուն հետ ինկաւ Արցախի մէջ։

 Առինքնող ջիղ, վճռական ոգի եւ ամուր ու մեծ լարում, ահա այս բառերով կարելի է նկարագրել Գրաճեանի այս կատարումը, որ օրեր առաջ ալ հազարաւոր հայրենակիցներու ներկայացուեցաւ ընդդիմութեան կողմէ կատարուած հանրահաւաքին ընթացքին։

 

Ի դէպ դիմատետրի էիր էջին տեղադրուած տեսանիւթին կից Գրաճեան հանդէս եկած է կարճ գրութեամբ մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

 

 «Այս կատարումս կը նուիրեմ Թորոնթոհայ ընկերոջս Քրիստափոր Արթինին, որ հերոսաբար նահատակուեցաւ պաշտպանելով Արցախը եւ Հայաստանը։

Հայու քաջ, անկեղծ, արթուն, չլռող, չհամակերպվող, հայրենասէր եւ պայքարող տեսակն է ապահովելու մեր ազգի ապագան։ 

Հայը հայուն հանդէպ ատելութիւն թող չունենայ,

Հայը հայուն վնաս թող չհասցնէ,

Դարաւոր հայասպան միակ թշնամին չմոռանանք ով է»։ 

 

Լուրը համադրաբար՝ «Արեւելք»ի