image

Հայրիկը ծննդեան տօնիս չեկաւ. Նահատակի դուստր

Հայրիկը ծննդեան  տօնիս չեկաւ. Նահատակի դուստր

Սարքերու սպասարկման վաշտի հրամանատար, կապիտան՝ Արա Պօղոսեան զոհուեցաւ անձնատրութեան համաձայնագրի ստորագրումէն երեք օր ետք: Այդ դէպքի մասին գրեթէ չէ խօսուած: Քսան տարուայ փորձառութեամբ զինուորականը իր չորս մարտական ընկերներուն հետ որոշած է օգնել Բերձորի եկեղեցւոյ հովիւին, որպէսզի գոյքը ապահով մէկ այլ վայր փոխադրեն, քանի որ ան յանձնուող տարածքներուն մէջ կը գտնուէր. գործը նպատակին հասցուցած են, բայց իրենք տեղ չեն հասած… Զարսլու գիւղին մէջ յայտնուած են թշնամիի 80 հոգինոց զօրքի շրջափակման մէջ, զէնքերը վար չեն դրած, չեն յանձնուած ու կռուած մինչեւ կեանքի վերջին վարկեանը`գիտակցելով, որ ողջ մնալու առիթ գրեթէ չկայ: 

Ամբողջ պատերազմի ընթացքին Արան պահած է Իջեւանի դիրքերը, բայց վարկեան մը առաջ ձգտած է Արցախ հասնիլ. քանի մը անգամ զինք մերժած են, բայց ի վերջոյ Նոյեմբեր 1-ին ուզածին հասած է: Ճակատագրի հեգնանքով ան զոհուած է ճիշդ կնոջ ծննդեան օրը` Նոյեմբեր 12-ին: 

Արա Պօղոսեան արմատներով Արցախի Աշան գիւղէն էր, երեք եղբայր էին, երեքն ալ արհեստավարժ զինուորական: Հինգ տարի կապիտանը դասախօսած է նաեւ Վազգէն Սարգսեան համալսարանը: Արան ապրիլեան քառօրեայի մասնակից էր: Հայրը պատմած է, որ որդին վառելիք հասցուցած է Արցախ, իսկ յուլիսեան դիրքային մարտի ժամանակ նորէն իր որդին տեղափոխած է զոհուած հերոս տղերքի դիակները, բայց այս անգամ ան մնացած է անօգնական: 

Կապիտանի զաւակները` Մարսէլը, Արմանն ու Մարիամը կը գիտակցին, թէ ինչ կատարուած է, բայց եւ կը կարօտնան իրենց հայրիկին. աւագ որդին կը յիշէ հօր հետ ունեցած վերջին զրոյցի դրուագները. «Ինձ ասաց, որ յանկարծ վատ բան պատահի, քո քրոջը, տատիկին տիրութիւն անես, ինձնից յետոյ դու ես տան մեծը: Էդ դէպքից յետոյ ինձ մօտ շատ բան ա փոխուել, քայլ անելուց առաջ մտածում եմ` ճիշդ կը լինէր սենց անել, կ'ուզէր պապան, որ այդպէս անէի»,- ըսած է 13-ամեայ Մարսէլ Պօղոսեանը:

Պօղոսեաններու տան ամենափոքր անդամը` Մարիամն ալ կը յիշէ, որ հայրիկը խոստացած էր ծննդեան տարեդարձի օրը տուն վերադառնալ մարտի դաշտէն, բայց եւ չէ եկած. «Միշտ աղօթք էինք անում, որ պապան գար, էդ ժամանակ չգիտէինք, որ պապան զոհուել ա: Պապան ասել էր, որ իմ ծնունդին ինքը գալու ա տուն, յետոյ չեկաւ, ես էլ զարմացել էի, որ չէր եկել, ինքը ասել էր, որ գալու է, բայց մայրիկիս ծննդեան օրը զոհուեց, չեկաւ: Շատ էի նեղուել…»:

 

Նիւթը՝ tert.am կայքէն