1.Մեր աշխատանքային ծիրէն ներս բաւական ընտելացանք հետեւեալ համադասական շաղկապներուն.
ա) ոչ թէ...այլ՝ «Ան ոչ թէ կ’աշխատի, այլ կը զուարճանայ»:
Ուր կը բացառուի աշխատանքը, եւ, հակառակը, կը հաստատուի զուարճութիւնը (ներհակական յարաբերութիւն):
բ) ոչ միայն...այլեւ՝ «Ան ոչ միայն կ’աշխատի, այլեւ կը զուարճանայ»:
Ուր զուարճանալը կը գումարուի աշխատելուն վրայ (յաւելական յարաբերութիւն)
գ) ոչ այնքան...որքան՝ «Ան ոչ այնքան կ’աշխատի, որքան կը զուարճանայ»:
Ուր զուարճութիւնը քանակականօրէն կը գերազանցէ աշխատանքը (առաւելական յարաբերութիւն):
Ստորեւ պիտի տեսնենք նոր կաղապար մը, որուն մինչեւ հիմա անդրադարձած չենք եւ որուն անդրադարձած չէ նաեւ,− որքան ես գիտեմ,− որեւէ ուրիշը:
Դուք ստուգիւ պիտի ըլլաք այն նախապատիւ (արեւմտա)հայերը, որոնց ուշադրութեան կը յանձնուի, ինչ որ պիտի ստորեւ տեսնենք:
* * *
2.Այս նոր յարաբերութիւնը կը յարի բ)-ին, մէկ նմանակն է, կարելի է ըսել հոմանիշն է անոր . օրինակ՝
---Ան ոչ միայն կ’աշխատի, այլ նոյնիսկ կը զուարճանայ:
Ուրեմն չըսինք այլեւ, այլ նաեւ, փոխարէնը ըսինք՝ այլ նոյնիսկ:
Ասոնք նոյն յաւելական յարաբերութիւնը ցոյց տուող կառոյցներ են, ուր զուարճութիւնը կը շարունակէ գումարուիլ, աւելնալ աշխատանքին վրայ, սա՛ տարբերութեամբ, որ այս պարագային շեշտուած է զուարճութիւնը, յատուկ լուսարձակի տակ առնուած է ան, կարծես խօսողը աչքերուն չի հաւատար, որ կարելի է աշխատելով հանդերձ՝ նա՛եւ զուարճանալ: Այս լուսարձակը կը բացակայի կամ շատ տկար է վերի բ. օրինակին մէջ:
Այլ նոյնիսկ-ին փոխարէն կրնան հանդէս գալ նաեւ՝ այլ ալ, այլ անգամ, այլ մինչեւ, այլ մինչեւ իսկ, այլ մանաւանդ, այլ աւելի, այլ միաժամանակ, այլ միատեղ: Oրինակ՝
---Ան ոչ միայն կը զուարճանայ, այլ կ’աշխատի ալ:
---Ան ոչ միայն քսակը, այլ պատիւն անգամ զոհեց:
---Ան ոչ միայն ունեցածը կորսնցուց, այլ մինչեւ (իսկ) պարտքի տակ ինկաւ:
---Ան ոչ միայն ընկերներով, այլ մանաւանդ հարազատներով մտահոգ է:
---Ան ոչ միայն չէ մոռցած անցեալը, այլ աւելի կապուած է անոր:
---Ան ոչ միայն աճեցաւ, այլ միաժամանակ իմաստնացաւ:
---Ան ոչ միայն հնձեց ցորենը, այլ միատեղ կամնեց ու երնեց զայն:
Ինչպէս կը նկատենք, ասոնք բոլորը համադասութեան երկրորդ բաղադրիչը իւրայատուկ ձեւով, աստիճանով ու նրբութեամբ շեշտելու, լուսարձակի տակ առնելու եւ աւելի տպաւորիչ դարձնելու ծառայող միջոցներ են:
Պէտք է ջանալ խուսափիլ սապիսի կուտակումներէ. «Տաճիկները այնքան ետ էին մնացած, որ ոչ միայն չէին կարող առաջնորդ հանդիսանալ հայերին, այլեւ նոյն իսկ նրանցից օգտուելու կարիքի մէջ էին գտնւում» (Հ. Աճառեան, ՀԼՊ.2, էջ 569),− ուր «այլեւ նոյն իսկ» ընդունելի չէ, կրկնաբանութիւն կայ մէջը: «Իր պատմած անհեթեթութիւնները ոչ միայն պատմութիւն չեն, այլեւ մինչեւ իսկ հեքիաթ չեն» (ԲԹ, «Դեգերումներ», էջ 166). պէտք է ըլլայ ...այլ մինչեւ իսկ...: «Կարող երեսփոխան մը ո՛չ միայն իր ձայնը ունի, այլեւ կրնայ յաջողութեամբ յեղաշրջել նաեւ ուրիշներու գաղափարներն ալ (Քասիմ, «Օրուան մտածումներ», էջ 280). աւելորդ են նաեւ եւ ալ շաղկապները: «Սոյնը մեզի հնարաւորութիւն կու տայ կազմելու պատկերացում մը ոչ միայն քրիստոնէութեան...այլեւ միաժամանակ հայոց հոգեւոր դարաւոր մշակոյթին» (ԱՄ, «Լուսաբաց», մայիս 2020, յաւելուած, էջ 3):
* * *
3. Հիմա տեսնենք յաւելական յարաբերութեան մէկ ուրիշ կիրարկութիւնը:
Օրինակ՝ «Կեսար ոչ միայն ըմբոստները, այլ ամբողջ բնակչութիւնը կոտորեց»:
Ուրեմն յաւելական յարաբերութիւնը այսեղ արտայայտուած է «այլ ամբողղջ» բառակապակցութեամբ: Ճիշդ ի՞նչ կը ներկայացնէ այս վերջինը՝ յարաբերաբար ոչ միայն-ին:
Ըմբոստները կը ներկայացնեն տուեալ գիւղի կամ քաղաքի բնակիչներուն մէկ փոքր մասը միայն, մինչ երկրորդ բաղադրիչը՝ «ամբողջ բնակչութիւնը», կը ներկայացնէ ըմբոստները առաւել ոչ-ըմբոստները` հանուր բնակչութիւնը: Արդ, այս վերջինը՝ ամբողջութիւնը, կարելի չէ գումարել ըմբոստներուն վրայ, քանի ըմբոստները ներառեալ են ամբողջութեան մէջ: Այս պատճառով ալ զեղչուած է երկրորդին «նաեւ» բաղադրիչը: Ճիշդ ինչպէս չենք կրնար ըսել՝ «հայրն ու մայրը, նաեւ ամբողջ ընտանիքը». ամբողջ ընտանիքը իր մէջ կը պարփակէ արդէն հայրն ու մայրը. ուրեմն՝ «Ոչ միայն հայրն ու մայրը եկած էին, այլ ամբողջ ընտանիքը»:
Ուրեմն սա այնպիսի համադասութիւն մըն է, ուր երկրորդ բաղադրիչը, աւելի լայն հասկացութիւն մը ըլլալով, իր մէջ ունի, կը կրէ, կ’ընդգրկէ, կլանած է առաջին բաղադրիչը, որ աւելի նեղ հասկացութիւն մըն է:
Այս յարաբերութիւնը կարելի է արտայայտել նաեւ հետեւեալ շաղկապներով՝ բոլոր, ամէն, լման, ողջ, առհասարակ, ընդհանուր, ամէնօրեայ, ամէնուրեք, որոնց բոլորն ալ ընդհանրացնող նշանակութիւն ունին: Օրինակ՝
---Ոչ միայն խանութ մը, այլ ընդհանուր շուկան կողոպտուեցաւ:
--Դուն ոչ միայն ծանօթներուդ բարեւեցիր, այլ ամէն հանդիպածիդ:
---Ես ոչ միայն յաջողակներով զբաղեցայ, այլ ընդհանուր աշակերտութեամբ:
---Զոհերը յիշել ոչ միայն տարելիցերուն, այլ ամէնօրեայ դրութեամբ:
---Մենք ոչ միայն հոս կը սպասենք, այլ ամէնուրեք կը փնտռենք զինք:
---Գողերը կողոպտած են ոչ միայն խանութ մը, այլ ամբողջ շուկան:
---Իր տրամադրութեան տակ է ոչ միայն սենեակ մը, այլ լման յարկաբաժինը:
* * *
Աւարտելու համար աչքի առաջ ունենանք հետեւեալ զոյգը եւս.
---Ան ոչ միայն կ’աշխատէր, այլեւ կը զուարճանար:
---Ան միայն չէր աշխատեր, այլեւ կը զուարճանար:
Ասոնք բոլորովին համարժէք կառոյցներ են, ուր առաջինին ոչ ժխտականը երկրորդին մէջ փոխարինուած է բայական ժխտումով մը: Բերուած բոլոր օրինակները կարելի է վերափոխել այս նոյն ձեւով: Տարբերութիւնը մի՛այն ոճական է. առաջինը աւելի սաստկական երանգ մը ունի: Ուրիշ ոչինչ:
* * *
Մրցոյթ15. Լուծում.
***Ժողովուրդը պարտի թոյլ չտալ, որ ան կրկին տապալէ օրէնքը:
***Ան հազիւ այս բազմաթիւ ծրագրերէն մէկին թղթածրարը սերտած է:
( Ան այս բազմաթիւ ծրագրերէն միայն մէկին թղթածրարը սերտած էր):
***Երեւանի ղեկավարութիւնը կ’ընդգծէ այս հարցին հրատապութիւնը:
***Հարցերու կարգին էր նաեւ անվտանգութիւնը:
***Բանավէճը բռնկեցաւ, երբ խօսնակները զիրար մեղադրեցին:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Յարութ Կիւլիւզեան (10), Գէորգ Եազըճեան (10), Ալին Գոճակէօզեան (8), Համբարձում Յարթունեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (6), Հայկ Իւթիւճեան (10), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Մանուէլ Ֆարաճեան (6), Ռաֆֆի Ստեփանեան (6), Լեւոն Շառոյեան (8), Համո Ապտալեան (8), Եփրեմ ԹՈքճեան (8):
Մրցոյթ 16. Վերաշարադրէ հետեւեալները.
***Գրագէտը մեծաքանակ ցոյց տուաւ գիրքին մէջ առկայ սխալները:
***Վարչապետը հանդէս եկած է հրաժարականի մասին յայտարարութեամբ:
***Բախտը երկար թակեց իր դուռը, բայց ան չուզեց լսել անոր բախումը:
***Բազմիցս առիթներով այս կէտը յանձնուած էր անոնց ուշադրութեան:
***Վաղ թէ անագան օր մը անպայմանօրէն պիտի տիրանանք մեր հողերուն:
armenag@gmail.com Արմենակ Եղիայեան