image

Հայերէնը կը զուարճանայ (140)

Հայերէնը կը զուարճանայ (140)

Մեր լեզուն հետզհետէ կը զոհաբերուի արեւմտահայ  գրողի անտարբերութեան եւ արեւելահայերէնի  աղաւաղումներու զոհասեղանին վրայ: Այսպէս մտածեցի կարդալով հետեւեալը, որ կը յանձնեմ  ընթերցողներուս ալ ուշադրութեան.

            «Չինաստանի կառավարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատեց երկու ամերիկ-եան ընկերութիւններու դէմ՝ Թայուանին զէնք վաճառելու պատճառով»:

            Բան մը հասկցա՞ք...

            Եթէ այո, ապա պատճառը ո՛չ ձեր բարձր հասկացողութիւնն է, ո՛չ ալ հատուածը  շարադրողին շնորհքն է. պատճառը՝ հարցին հանդէպ այլապէս՝ տարբեր աղբիւրներէ  իրազեկուածութիւնն է եւ ոչ այս հատուածը ինքը, որ բառային լղրճուկ մըն  է՝ նոյնիսկ եթէ ճիշդ մտածուած է ան:

            Մի՛ մոռնաք Աճառեանի անմահ խօսքը. «Գրողը միշտ ճիշդ կը մտածէ, սակայն... միշտ չէ որ ճիշդ կը գրէ»:

            Եթէ հայերէնի քերականութեան տուեալներով մեկնաբանենք այս հատուածը, ապա ան կը  նշանակէ, որ «Չինաստանի կառավարութիւնը պատժամիջոցներ հաս-տատած է անմերիկեան երկու ընկերութիւններու դէմ՝ որովհետեւ Չինաստանի կառա-վարութիւնը ինքը զէնք վաճառած է Թայուանին». այլ խօսքով՝ պատժամիջոց հաստա-տողն ու զէնք վաճառողը նոյն ենթական է, նոյն կողմն է, նոյն բարոյական անձն է:

            −Ըլլալիք բա՞ն է,− պիտի հարց տաք:

            −Ո՛չ, ըլլալիք բան չէ,− պիտի պատասխանեմ:

            Բայց եւ այնպէս... ա՛յս է նախադասութեան միտք բանին:

            Նոյն նախադասութեան ծիրէն ներս դիմաւոր բայը՝ հաստատած է, եւ դերբայը՝ վաճառելու, կը պատկանին նո՛յն գործողին, նո՛յն ենթակային, որ այստեղ «Չինական կառավարութիւն»-ն է:           

            Եւ որովհետեւ  խաշած հաւն ու մենք ալ անոր հետ գիտենք, որ պատիժ հաստատողը Չինաստանն է, իսկ զէնք վաճառողը ամերիկեան ընկերութիւնները,  ապա պարտէինք այս հատուածը շարադրել սա՛պէս.

            ««Չինաստանի կառավարութիւնը պատժամիջոցներ հաստատեց  երկու ամերիկեան ընկերութիւններու դէմ, որոնք զէնք վաճառած են  Թայուանին»:

          Անորոշ դերբայի այս ապուշ կիրարկութիւնը ժառանգեցինք արեւելահայերէն, եւ ան հիմա  տուն-տեղ եղած է  մեր մամուլի գրեթէ ամբողջ տարածքին, ուր կ’իշխէ ի մարմնաւորս եւ ի հոգեւորս՝ ամէն օր քիչ մը աւելի աղաւաղելով մեր լեզուամտածողութիւնն ու    լեզուն ալ հետը:

            Եւ որովհետեւ լեզուական ամէն աղաւաղում խորթ ու մերժելի է, ապա պիտի աւելցնեմ, որ չենք ըսեր՝ «երկու ամերիկեան ընկերութիւն...». այլ պարտինք ըսել  «ամերիկեան երկու ընկերութիւն»:

            2. Կը յանձնենմ «Արարատ»-ի քաջարի բարեկամներուս ուշադրութեան.

            -- «[Միքաթի] կոչ ուղղեց արժեւորել սուրիացի տեղահանուածներուն Լիբանանի կառավարութեան տրամադրած օգնութիւնները, որոնք կը հատեն երկրի կարողութիւնները» (Արարատ, 24/7/2023, էջ 1):

Ո՞է կամ ի՞նչն է ,− կը կարծէք,− որ կը հատէ «երկրի կարողութիւնները»,− այսինքն՝ կը գերազանցէ երկրին ունեցած կարողութիւնը, անոր սահմաններէն  անդին կ’երթայ...

Ըստ շարադրութեան, իմա՝ շարադասութեան,  հատողը «օգնութիւններն են», այո՜՜՜, ահա լրագրող մը, որ կը բողոքէ տրամադրուած օգնութեան տարողութեան դէմ, քանի անոնք շա՜՜՜տ  են, կը գերազանցեն երկրին, այն ալ սնանկացած Լիբանանին,  կարողութիւնները:

Կ’անդրադառնա՞ք հաղորդումի այն ամբողջ զաւեշտականութեան, որ  առկայ է:

Սուրիացի տեղահանուածներ օգնութիւն կը տրամադրեն թշուառութեան մէջ տապլտկող Լիբանանի կառավարութեան, եւ այս  զարմանալի կառավարութիւնը,− ըստ հայ լրագրողին,− կը նկատէ, որ այդ օգնութիւնը իր սահմաններէն անդին եւ  իր կարողութենէն վեր բան է...

Մինչդեռ...

                                                                       *      *

                                                                           *

Տեղի ունեցածը լեզուական թիւրիմացութիւն մըն է, տխուր թիւրիմացութիւն մը, որ այսպէս  ծիծաղելիօրէն շրջած է իրողութիւնները:

Այդ թիւրիմացութիւնը կը սրբագրուի, եթէ գրողը ճիշդ շարադասէր բառերը. որ ահաւասիկ՝

[Միքաթի] կոչ ուղղեց արժեւորել Լիբանանի կառավարութեան՝ սուրիացի տեղահանուածներուն տրամադրած օգնութիւնները, որոնք կը հատեն երկրի կարողութիւնները»:

            --Սպաննուած են չորս ոստիկաններ եւ երկու քաղաքացիներ:

            Բոլոր սպաննուողները քաղաքացիներ են՝ Արցախի մէջ թէ այլուր:

            Ենթադրելի է,  թէ ըսել կ’ուզէք քաղաքային (civil)՝ զանազանելու համար զինուորականէ եւ հոգեւորականէ:

            --Կայ 25 զոհ, որոնցմէ երկուքը քաղաքացի:

            Նոյն սխալը՝ այստեղ. զոհերուն երկուքը, ուրեմն, քաղաքային էին, մնացեալները՝ այլ կարգավիճակ ունէին

            --Ժաաժահի

            «Արարատ» միշտ գրած է ԺաաԺաա, որուն  սեռականը կու տայ Ժաաժաայի:

            Թէեւ  մաղթելի է գրել Ժաաժա-Ժաաժայի: Մանաւանդ չգրել...Ժահժահ(ի)՝  նման  անուն կրող հրէշ չկայ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս:

            --Օրուան պատուական բանախօսն էր...

            Ուրեմն կրնայ ոչ-պատուական կամ անպատիւ դասախօ՞ս ալ գտնուիլ:

            --Չի հատուցաներ դրամատուներուն:

            «Անել»  ածանցէն պէտք է խուսափիլ որքան կարելի է: Մտային բեռ մըն է ան:

            Ուրեմն՝ չի հատուցեր-չէր հատուցեր-չհատուցեց:

            Նաեւ՝ ծանուցել, կառուցել, մատուցել,  յարուցել,  ուսուցել, սնուցել եւ այլն:

 

            Մրցոյթ 137.

            ***Լրացուր ասոյթը.

            ---Մարդ միշտ բաւարար ուժ ունի կրելու համար ուրիշին ցաւը:

            ***Որոշէ Թորոս-ին հոլովը xavu1

            ---Բոլորը ընդառաջեցին առաջարկին, բացի Թորոսէն:

                Բոլորը ընդառաջեցին առաջրկին, ի բաց առեալ Թորոսը:

                Բոլորը ընդառաջեցին առաջարկին՝ բացառութեամբ Թորոսի:

            ***Վերաշարադասէ՛ հետեւեալը.

            ---Պլինքըն կոչ ուղղեց դադրեցնելու գործողութիւնները եւ  վերջ տալու մագլցումիմն:  

            ***Վերաշարադրէ՛ արեւմտահայ մտքի հետեւեալ գոհարները.

            ---Այս դեղին գործածութիւնը կրնայ  հետեւանքներ ունենալ՝ պատճառ դառնալով ոսկրային ցաւերու:

            ---Պետիկ Չիֆթելեանի  անժամանակ մահը ցնցեց իր հարազատները:

            Ճիշդ պատասխանած են՝  Գէորգ Եազըճեան (9), Լիւսի Տէօքմեճեան (2), Ցոլակ Ապտալեան (5), Գեղամ Խաչատրեան(4), Մարք Շիրին (3), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (4), Պերճ Տէր Սահակեան (5), Եփրեմ Թոքճեան (3), Գրիգոր Սիմոնեան (6):   

            Մրցոյթ 138.

            ***Լրացո՛ւր հետեւեալ ասոյթը.

            --- Կերակուր մը ուտելը այնքան գիտելիք չի պահանջեր, որքան զայն.............:

            ***Լրացո՛ւր նախադասութիւնը որ  կամ թէ շաղկապներով:

            ---Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, . . . . .ինք համոզուած է, . . . . . հաւանական է լուծումի մը հասնիլ:

            ***Ընդգծէ աւելորդ որոշիչ յօդն ու  բառը:

            ---Նախագահներ Փութինը եւ Ռայիսին մտքեր փոխանակած են յարաբերու-թիւններուն կարգաւորման  խնդիրներուն շուրջ:

            ***Վերաշարադասէ  հետեւեալ նախադասութիւնները, որոնք թրքերէն դամբա-նականի հնչեղութիւն ունին.

            ---Պէտք է Արեւմուտքէն ստանալ  երաշխիքներ՝ Լիբանանի շրջափակումը վերացնելու, ինչպէս նաեւ տեղահանուածներու տունդարձը ապահովելու:

            ---Ամերիկեան տոլարի փոխարժէքի միացեալ սակ մը պէտք է ճշդուի, ինչպէս նաե տւրքերու  դրութիւնը կանոնաւորուի, այլ խօսքով՝  տուրքերու նոր քաղաքակա-նու թիւն մը որդեգրուի:

            

Արմենակ Եղիայեան

             

armenag@gmail.com