image

Հայաստանը սկսած է խուսափիլ Ռուսիոյ հետ շփումներէն ԱԳՆ-ի եւ ՊՆ-ի գծով. Կալուզին

Հայաստանը սկսած է խուսափիլ Ռուսիոյ հետ շփումներէն ԱԳՆ-ի եւ ՊՆ-ի գծով. Կալուզին

Հայաստանը դադրած է շահագրգռուածութիւն ցուցաբերելէ՝ Ռուսիոյ հետ արտաքին գործերու եւ պաշտպանութեան նախարարութեան գծով շփումներուն վերաբերեալ, որ Արեւմուտքի ճնշման հետեւանք է: Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Կալուզին:

«2023 թուականի նոյեմբերէն ի վեր արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում չէ եղած։ Գործընկերները հետաքրքրութիւն չցուցաբերեցին մեր առաջարկութեան նկատմամբ, այն է`մշակել եւ կնքել միջգերատեսչական խորհրդատւութիւններու հերթական ծրագիրը։ Մեր մեղքով չէ, որ նկատելիօրէն նուազած է պաշտպանական գերատեսչութիւններու գծով շփումներու շարժը։ Նուազած է նաեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը։ Ասոր մէջ մենք կը տեսնենք Արեւմուտքի ճնշման հետեւանքը, որ կը փորձէ Երեւանը ստիպել նուազագոյնի հասցնել կապերը մեր երկրի հետ», - նշած է փոխնախարարը։

Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յոյս ունի, որ Հայաստանի իշխանութիւններու`խնդրայարոյց հարցերու վերացման ուղղութեամբ աշխատելու հրապարակային հնչեցուցած տրամադրուածութիւնը գործնականօրէն ալ կը դրսեւորուի, ռուսական կողմը պատրաստ է ատոր:

Միեւնոյն ժամանակ փոխնախարարը նշած է, որ Մոսկուայի եւ Երեւանի երկկողմ շփումները չեն ընդհատուած: Մասնաւորապէս մայիս 8-ին Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի հերթական նիստի շրջածիրէն ներս տեղի ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանգամանալից զրոյցը: Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Միխայիլ Միշուսթինն իր հայ գործընկերոջ հանդիպած է փետրուարին: Կալուզինը նշած է, որ առաւել էական արդիւնքներ արձանագրուած են առեւտրատնտեսական ոլորտի մէջ ։ Արդիւնաւէտ կ՚աշխատի տնտեսական համագործակցութեան երկկողմ միջկառավարական յանձնաժողովը։

Ան աւելցուցած է, որ պարբերաբար, այդ շարքին ՝ ԵԱՏՄ (Եւրասիական տնտեսական միութեան) գծով հանդիպումներու շրջածիրէն ներս կը շփուին միութեան համանախագահները՝ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը եւ Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը: