Տարածաշրջանին մէջ ձեւաւորուած նոր իրողութիւններու շրջածիրէն ներս Պաքուն որեւէ խոչընդոտ չի տեսներ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման համար։ Ինչպէս հաղորդած է ԱՊԱ-ն, այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը։
Անոր խօսքով՝ շատ կարեւոր է, որ հայկական կողմը յստակ քայլ ընէ դէպի առաջ եւ նստի բանակցութիւններու սեղանի շուրջ։
«Հայաստանէն կը սպասենք յստակ գաղափարներ. Հայաստանը դեռ կը նայի տարածաշրջանէն այն կողմ, երբ խօսքը խաղաղութեան պայմանագրի մասին է: Մենք կ՚ըսենք, որ երրորդ կողմերու օրակարգ մտցնելու փոխարէն մենք պէտք է առաջ տանինք խաղաղութեան համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները: Գնդակը Հայաստանի դաշտին մէջ է: Հայաստանը պէտք է հասկնայ, որ խաղաղութեան արմատները, սերմերը այստեղ են, այլ ոչ թէ Ուաշինկթընի, Պրիւքսէլի եւ Փարիզի մէջ»,- նշած է Հաճիեւ։