image

Հայաստանը կողմ է Պրիւքսէլի բանակցային հարթակի վերաշխուժացման. Իշխանական պատգամաւոր

Հայաստանը կողմ է Պրիւքսէլի բանակցային հարթակի վերաշխուժացման. Իշխանական պատգամաւոր

Հայաստանը վերահաստատած է՝ կողմ է Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու վերսկսման։ Խորհրդարանի իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան քարտուղար Արթուր Յովհաննիսեանը, սակայն, նշած է՝ բանակցութիւնները վերսկսելու վերաբերեալ այս պահուն որեւէ յստակութիւն չկայ:  

Արթուր Յովհաննիսեանն այս մասին ըսած է խորհրդարանական ճեպազրոյցի ժամանակ:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը, բնականաբար, եւս կողմ է այդ ձեւաչափերով բանակցութիւնների վերսկսմանը, քանի որ Հայաստանի օրակարգում առաջնային է տարածաշրջանում խաղաղութեան հաստատումը»,-ըսած է Յովհաննիսեանը:

Պատգամաւորը չի գիտեր, թէ որքանով իրատեսական է հիմա ձեւաչափի վերականգնումն ու ատոր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի համաձայնութիւնը:

Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանը վերջին շրջանին խուսափած է Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ բանակցութիւններու մասնակցելէ՝ հակառակ այն հանգամանքին, որ շարք մը պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ կայացած բանակցութիւններու ընթացին։ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելը փետրուար 8-ին X-ի իր էջին գրած էր, որ կը շնորհաւորէ Իլհամ Ալիեւը Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնին վերընտրուելու առիթով եւ կ՚ողջունէ Պրիւքսէլի մէջ եռակողմ բանակցութիւններու մասնակցելու Պաքուի յանձնառութիւնը։