Հայաստանը կրնայ Հնդկաստանի, Իրանի եւ ԵԱՏՄ երկիրներու միջեւ կամուրջ դառնալ։ Այս մասին «Նոր իրողութիւններ եւ խաղաղութեան խաչմերուկ» փորձագիտական համաժողովի ժամանակ նշած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Մնացական Սաֆարեանը։
«Իրանը ԵԱՏՄ-ի հետ ազատ առեւտրի գօտու մասին պայմանագիր ունի, իսկ Հնդկաստանը բանակցութիւնների փուլում է։ Հայաստանը, որպէս միութեան անդամ, կարող է կամուրջ հանդիսանալ Թեհրանի, Տելիի եւ կազմակերպութեան միւս անդամ երկրների համար»,-ըսած է Սաֆարեանը։
Այդ առումով Պարսից ծոց-Սեւ ծով միջանցքը կրնայ լրացուցիչ խթան հանդիսանալ համագործակցութեան ընդլայնման համար։