image

Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ դաշնակից. ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է կտրուկ հետեւութիւններ չընելու

Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ դաշնակից. ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարը կոչ ըրած է կտրուկ հետեւութիւններ չընելու

Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) դաշնակիցը: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին ըսած է ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Իմանղալի Թասմաղամպեթովը։

«Իմ կարծիքով, այս իրավիճակէն (ՀՀ-ի բացակայութիւնը Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ գագաթնաժողովէն-Խմբ.) կտրուկ եզրակացութիւններ ընելն անիմաստ է, Հայաստանը եղած է եւ կը մնայ մեր դաշնակիցը: Ասով, կը կարծեմ, ամէն ինչ ըսուած է: Որքանով յայտնի է ՀԱՊԿ քարտուղարութեան, հայկական պատուիրակութեան բացակայութեան պատճառները տեխնիկական բնոյթ կրած են: Ամէն պարագայի, սա անկախ եւ ինքնիշխան պետութեան որոշումն է, որու վրայ ոչ մէկ այլ պետութիւն կամ կազմակերպութիւն կրնայ ազդել: ՀԱՊԿ-ը կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան որոշումը՝ որպէս կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ»,-ըսած է ան։

Նախօրէին Քրեմլի ներկայացուցիչ Տմիթրի Փեսքով ըսած էր, որ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը յուսով է, որ որոշ ժամանակ անց Հայաստանը կը վերսկսի լիարժէք մասնակցութիւնը Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գործունէութեան: