Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան միջեւ կը նախատեսուի ստորագրել «Համընդհանուր առողջապահական ծածկոյթի ծրագրի իրականացում» վարկային համաձայնագիր, որով կը նախատեսուի ՀՀ-ին տրամադրել 102,000,000 եւրօ արժողութեամբ վարկ։
Այդ մասին որոշման նախագիծը Կառավարութեան յուլիս 18-ի նիստին ներկայացուցած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի առաջին տեղակալ Լենա Նանուշեանը:
Ծրագրի նպատակն է բարելաւել առաջնային բժշկական օգնութեան որակը եւ իրագործումը, բարձրացնել վարկառուի առողջապահական ծախսերու արդիւնաւէտութիւնը եւ նուազեցնել առողջապահական ծառայութիւններէն օգտուելու ֆինանսական խոչընդոտները:
«Վարկային ծրագրի փաթեթի նախապատրաստումը տեւել է շուրջ 1 տարի, եւ սերտօրէն աշխատել ենք ցուցանիշների մշակման ուղղութեամբ»,- ըսած է նախարարի առաջին տեղակալը՝ նշելով, որ «Առողջութեան համապարփակ ապահովագրութեան մասին» օրէնքի ընդունումէն կախեալ է թէ՛ ծրագրի անհրաժեշտութիւնը, թէ՛ սահմանուած ցուցանիշներուն հասնիլը:
Նախարարի տեղակալը նաեւ նշած է, որ նախագիծը հիմնուած է եւ համահունչ է ՀՀ կառավարութեան՝ 2021-2026 թուականներու ծրագրի, ինչպէս նաեւ առողջապահութեան համակարգի՝ 2023-2026 թուականներու զարգացման ռազմավարութեան: