Հայաստանն ու Թուրքիան քննարկած են Անիի կամուրջի վերականգնման հարցը: Այս մասին յայտարարած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութոիններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչ Սերտար Քըլըչը՝ Անթալիոյ մէջ՝ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու հետ զրոյցին։
Անիի կամուրջը վերականգնելու համատեղ ջանքերու մասին Հայաստանն ու Թուրքիան խօսած են դեռ 2023-էն։
Քըլըչ յայտնած է, որ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումի շրջածիրէն ներս կը սպասուի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը։
«Շփումներ ունեցանք Ռուբէն Ռուբինեանի (Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչ -խմբ.) հետ, սակայն յաջորդ հանդիպման յստակ ժամկէտը դեռ համաձայնեցուած չէ»,-ըսած է Քըլըչը։
Ատրպէյճանցի լրագրողները Սերտար Քըլըչին հարցուցած են, թէ Թուրքիան Հայաստանին Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջ ներկայացուցա՞ծ է, սակայն Քըլըչը յստակ պատասխան չէ տուած։
«Սահմանադրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ յայտարարութիւն ըրած է նաեւ Նիկոլ Փաշինեանը, այս պարունակին մէջ Հայաստանը պիտի կատարէ անհրաժեշտ փոփոխութիւններն իր Սահմանադրութեան մէջ»,- ըսած է Քըլըչը։