Ռուսիան կը տեսնէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու քաղաքական կամք եւ կ՚աջակցի այդ քայլին։ Այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, գրած է ԹԱՍՍ-ը:
«Գլխաւորն այն է, որ մենք կը տեսնենք քաղաքական կամքի առկայութիւն երկու կողմէն՝ ե՛ւ Պաքուէն, ե՛ւ Երեւանէն: Ի հարկէ, մենք կը սատարենք ատոր եւ կը կարծենք, որ նման համաձայնագրի կնքումը օգտակար կ՚ըլլայ ե՛ւ երկու երկրի, ե՛ւ ողջ տարածաշրջանին մէջ կայունութեան ու խաղաղութեան համար»,-ըսած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։
Ինչպէս նշած է Փեսքովը՝ ռուսական կողմը կը փաստէ, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը «կը շարժին խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ աշխատանքներն աւարտելու ուղղութեամբ»։
«Մենք յոյսով ենք, որ այդ տեղի պիտի ունենայ որքան հնարաւոր է շուտ, ի հարկէ, առանց ի վնաս որակի: Ուստի մենք բոլորի հետ միասին կը սպասենք այս աշխատանքներու աւարտին»,-ըսած է ան։