image

«Հայաստանն ամէն կերպ կը փորձէ Ղարաբաղի հարցը ներառնել համաձայնութեան մէջ». Ալիեւ

«Հայաստանն ամէն կերպ կը փորձէ Ղարաբաղի հարցը ներառնել համաձայնութեան մէջ». Ալիեւ

Ատրպէյճանի նախագահը պնդած է, թէ Հայաստանը կը տապալէ խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները եւ ամէն կերպ կը փորձէ Ղարաբաղի հարցը ներառել Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ ստորագրուելիք փաստաթուղթին մէջ։

Այս մասին յայտնած է «Ազատութիւն»ը։

«Հայաստանը պէտք է որոշում ընդունի, եւ ըստ էութեան արձանագրէ այն, որ ընդունած են Փրակայի մէջ, իսկ յետոյ՝ Սոչիի մէջ անցած տարուան հոկտեմբերին։ Յղումը տարածքային ամբողջականութեանն ու Ալմա Աթայի հռչակագրին առաւել քան յստակ կ'ըսէ, որ անոնք (հայերը) կը ճանչնան Ղարաբաղը որպէս Ատրպէյճանի մաս։ Այդ մեր յաջողութիւնն է, որովհետեւ Հայաստանը առաջին անգամ պաշտօնապէս ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը», -ըսած է Ալիեւ։

Վերջինս միաժամանակ պնդած է, թէ ըսելով ա-ն, Հայաստանը կը հրաժարի ըսել բ-ն։

«Անոնք ամէն կերպ կ'ուզեն Ղարաբաղի հարցը խցկել խաղաղութեան պայմանագրի մէջ եւ, ըստ էութեան, կ'արգելափակեն բանակցութիւնները։ Եւ այն, որ անոնք անտեսեցին արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը Մոսկուայի մէջ՝ ինչ-ինչ իրադարձութիւններու պատճառով, ընդհանրապէս անընդունելի է»,-ըսած է Ալիեւ, յիշեցնելով, որ սեպտեմբերին Հայաստանի վրայ կատարուած յարձակումէն ետք Նիկոլ Փաշինեանը, ամէն պարագայի, մեկնած էր Փրակա։

«Նեղացածի դիրքը կրնայ հարմարաւէտ ըլլալ, բայց շատ վնասակար է երկրի ու մարդու համար։ Խղճահարութիւն առաջացնելը լաւագոյն բանը չէ քաղաքական գործիչի զինանոցին մէջ, յատկապէս, երբ այդ կեղծ է։ Կը կարծեմ՝ այս տարին շատ բան կը յստակեցնէ», -ըսած է Ալիեւ՝ առանց յաւելեալ մանրամասներու։