image

Հայաստանին դրամական նոր աջակցութիւն

Հայաստանին դրամական նոր աջակցութիւն

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը պիտի աջակցի Հայաստանի կառավարութեան տնտեսական ծրագրին, որպէսզի երկիրը կարողանայ ներդրումներու, արտահանման վրայ հիմնուած տնտեսական աճ արձանագրել՝ միաժամանակ պահպանելով մաքրօ-տնտեսական, հարկապիւտճէթային եւ ֆինանսական կայունութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը հաղորդագրութիւն տարածած է՝ նշելով, որ Հայաստանի հետ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են 3-ամեայ համաձայնագիր կնքելու վերաբերեալ, որ դեռ ենթակայ է Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի գործադիր խորհուրդի հաստատման. կ'ակնկալուի, որ  հարցը պիտի քննարկուի 2022 թուականի դեկտեմբերին:

Նշուած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններու խնդրանքով Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի աշխատակիցներու խումբը 2022 թուականի 26 սեպտեմբերէն 6 հոկտեմբերը եղած են Երեւան՝ ուսումնասիրելու երեքամեայ տնտեսական ծրագիրը: Հայաստանի մէջ ունեցած հանդիպումներէն եւ քննարկումներէն ետք Հայաստան ժամանած Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի պատուիրակութեան ղեկավար Իւա Փեթրովան յայտարարած է, որ Հայաստանն ու Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը համաձայնութեան եկած են համաձայնագրի շուրջ, որ կ'ենթադրէ շուրջ 165.6 միլիոն տոլարի յատկացում Հայաստանին՝ մաքրօ-տնտեսական, ելեւմտական եւ ֆինանսական կայունութեան ապահովմանն ուղղուած տնտեսական ծրագրին աջակցելու համար:

Արժոյթի միջազգային հիմնադրամը 2022 թուականին Հայաստանի համար 11 տոկոս տնտեսական աճ կանխատեսած է՝ արտաքին եկամուտներու, դրամագլուխի եւ աշխատուժի ներհոսքի հաշուոյն: Նշուած է նաեւ, որ դրամի արժեւորումը յանգեցուցած է երկրի պետական պարտքի նուազման, որ այս տարուան արդիւնքներով կը կազմէ ՀՆԱ-ի (համախառն ներքին արդիւնք) 51 տոկոսը այն պարագային, երբ 2021 թուականին պետական պարտքը կը կազմէր ՀՆԱ-ի 60.3 տոկոսը:

Միեւնոյն ժամանակ կ'ակնկալուի, որ 2023 թուականին տնտեսական աճը պիտի դանդաղի եւ միջնաժամկէտ կտրուածքով պիտի մնայ 4-5 տոկոսի միջակայքը։