«Տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան պատուհան բացուած է։ Հայաստանէն կը սպասենք, որ ան ընդունի իրեն մեկնած խաղաղութեան ձեռքը, ինչպէս նաեւ [Հայաստանէն] անկեղծ քայլերու կը սպասենք»․ սեպտեմբեր 25-ին Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւն կատարած այցի ընթացքին յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը:
Էրտողան Ատրպէյճանի իր պաշտօնակից Իլհամ Ալիեւի հետ մամուլի ասուլիսին, ի թիւս այլ հարցերու, աջակցութիւն յայտնած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի դէմ ատրպէյճանական վերջին գործողութիւններուն:
Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը իր հերթին վերջին իրադարձութիւնները «պատմական յաջողութիւն» անուանած է:
«Հինգ օր առաջ Ատրպէյճանը ամբողջովին վերականգնեց իր տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը: Հայաստանի բանակը յանձնուեցաւ, իսկ այժմ ատրպէյճանական կողմը մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերէ Ղարաբաղի հայ բնակչութեան՝ որպէս իր քաղաքացիներ»,- յայտարարած է Ալիեւ:
Ալիեւ յիշատակած է նաեւ Ատրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներու միջեւ վերջին հանդիպումները, սակայն չէ ուզած այդ մասին մանրամասնել: