image

Հայաստանի ուղղութեամբ բնական կազի մատակարարումը ժամանակաւորապէս դադրած է

Հայաստանի ուղղութեամբ բնական կազի մատակարարումը ժամանակաւորապէս դադրած է

«Կազփրոմ Արմենիա» ընկերութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 1 մայիսէն մինչեւ 4 մայիս դադրեցուած է Հայաստան բնական կազի մատակարարումը, սակայն այդ մէկը սպառողներու վրայ չանդրադառնար։

«Հիւսիսային Կովկաս-Անդրկովկաս» մայրուղային կազատարի վրայ Ռուսիոյ Սթաւրոփոլի տարածաշրջանին մէջ ծրագրային վերանորոգման աշխատանքներ իրականացնելու նապտակով մայիս 1-ին ժամը 08։00-էն մինչեւ մայիս 4-ը ժամը 20։00-ը պիտի  դադրեցուի նշուած կազատարով Հայաստան բնական կազի մատակարարումը:

Նշուած ժամանակահատուածին հանրապետութեան սպառողներու անխափան եւ յուսալի կազամատակարարումը պիտի իրականացուի առանց սահմանափակումներու՝ ներքին պաշարներու հաշուոյն»,- նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: