Սոյն յօդուածը կը գրեմ մեծագոյն ցաւով եւ հիասթափութեամբ։
Հայոց ցեղասպանութեան ականաւոր մասնագէտ Վահագն Տատրեան մահացաւ 2 Օգոստոս 2019ին, Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանը, 93 տարեկան հասակին: Ծնած՝ Կոստանդնուպոլիս (Թուրքիա), ան իր ամբողջ կեանքը նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան գծով թրքական ժխտողականութեան բացայայտման կարեւոր գործին: Տատրեան իր մանրազնին ուսումնասիրութիւնները կատարեց թրքերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ հայերէն լեզուներով՝ ակադեմական ամսագիրներու մէջ հրատարակելով գիտական տասնեակ հատորներ եւ յօդուածներ։
Կը կարծուի, թէ Տատրեանի պէս անուանի անհատ մը յարգանքի կ՛արժանանայ ոչ միայն իր կենդանութեան օրօք, այլեւ մահէն ետք: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ճիշդ քայլ առաւ 19 Օգոստոս 2019ին, երբ որոշում կայացուց՝ բարձր մակարդակի պետական յանձնախումբ ստեղծելու եւ համապատասխան պիւտճէ յատկացնելու, որպէսզի Երեւանի մէջ Տատրեանի յուղարկաւորութեան համար անհրաժեշտ ձեռնարկներ կազմակերպուին եւ թաղման ծախսերը հոգացուին։
Պետական յանձնախումբի կազմին մէջ էին․ «Ա. Յարութիւնեան՝ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթանքի նախարար, Զ. Մնացականեան՝ արտաքին գործոց նախարար, Ա. Թորոսեան՝ առողջապահութեան նախարար, Ա. Ճանճուղազեան՝ ելեւմուտքի նախարար, Հ. Մարութեան՝ Երեւանի քաղաքապետ, Ռ. Մարտիրոսեան՝ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահ, Վ. Տէրտէրեան՝ տարածքային կառավարման եւ ենթակառոյցներու փոխ նախարար, Վ. Մովսիսեան՝ ՀՀ փոխ ոստիկանապետ, Տ. Յովնան՝ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի լուսարարապետ եպս. Յակոբեան, Ա. Իսկանկարեան՝ «Բնակչութեան յատուկ սպասարկում» կազմակերպութեան տնօրէն, Հ․ Մարութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, Գ. Սարկիսեան՝ «Զօրեան» հաստատութեան նախագահ (Գանատա)»։ Տատրեան «Զօրեան» հաստատութեան Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէնն էր:
Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայաստանի դեսպանութեան կողմէ փրոֆեսըր Տատրեանի աճիւնը Հայաստան տեղափոխելէ ետք, 31 Օգոստոս 2019ին, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ մէջ, որուն անդամն էր Տատրեան։ Արարողութեան ներկայ էին պետական յանձնախումբի անդամները, ինչպէս նաեւ ՀՀ Ազգային ժողովի օրուան նախագահ Արարատ Միրզոյեան, Տատրեանի 90ամեայ քոյրը, բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ եւ ակադեմիկոսներ։ Փրոֆ. Տատրեանի աճիւնը ամփոփուեցաւ Երեւանի Կեդրոնական (Թոխմախի) գերեզմանատունը։
Վերջերս, Քալիֆորնիոյ Միշըն Հիլզի մէջ գտնուող Արարատ-Էսքիճեան թանգարանի տնօրէն Մեկի Մանկասարեան-Կոշին երբ ուզեց Տատրեանի գերեզմանին լուսանկարը ներառել իր թանգարանին մէջ, ուր կը պահուին Տատրեանի արխիւները, ոչ ոք կրցաւ գտնել Տատրեանի գերեզմանը: Երկար փնտռտուքներէ ետք, Փարիզէն՝ Պաղտիկ Գույումճեան եւ Գանատայէն՝ Հրայր Բազէ Խաչերեան վերջապէս յաջողեցան գտնել Տատրեանի անյայտ գերեզմանը: Պարզուեցաւ, որ յուղարկաւորութենէն երեք տարի անց, Պետական յանձնախումբը չէ բարեհաճած Տատրեանի գերեզմանին վրայ շիրմաքար դնել, կամ նոյնիսկ անոր անունով յուշատախտակ մը զետեղել։ Գերեզմանը ահաւոր վիճակ կը պարզէր՝ պատուած մացառով եւ աղբով։ Երկու պարոնները ժամանակաւոր յուշատախտակ մը դրած են Տատրեանի գերեզմանին եւ զայն մաքրած՝ մացառներէ։ Ահա՛ այն սարսափելի վերաբերումը, որուն արժանացած է նշանաւոր ակադեմիկոսը իր մահէն ետք, իր իսկ հայրենիքին մէջ։
Փրոֆ. Թանըր Աքչամ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հանրածանօթ մասնագէտ եւ UCLA-ի Հայոց Ցեղասպանութեան հետազօտական ծրագիրի տնօրէն, առաջին մարդն էր, որ ֆէյսպուքեան իր էջին մէջ ահազանգեց Տատրեանի գերեզմանի ողբալի անտեսման մասին։ Հեգնական է, որ թրքական ծագում ունեցող անհատը աւելի՛ մտահոգուած է Տատրեանի գերեզմանին նկատմամբ արհամարհական վերաբերումով, քան Հայաստանի կառավարութիւնը։ Տատրեան եղած է Աքչամի խորհրդատուն եւ գործընկերը՝ Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան հարցին կապակցաբար։ Աքչամ իր ֆէյսբուքեան էջին մէջ գրած է. «Տատրեան արժանի չէ ասոր։ Անընդունելի եւ չափազանց ամօթ է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակակից հետազօտութեան հիմնադիրին գերեզմանը անուշադրութեան մատնուած եւ մոռցուած ըլլայ»։
Ի պատասխան փրոֆ. Աքչամի արդարացուած վրդովումին՝ «Զօրեան» հաստատութեան (Հայաստան) ծրագիրի համակարգող Մարի Յովհաննիսեան յայտարարութիւն տարածեց՝ «Փոթորիկ գաւաթ մը ջուրի մէջ» վերնագիրով։ Ան այսպէս պատճառաբանած է յետաձգումը․ «Քովիտ-19 համավարակի եւ 2020ի արցախեան պատերազմի պատճառով հայ ազգը կորսնցուց քանի մը հազար լուսաւոր զաւակներ եւ զբաղած էր անոնց յուղարկաւորութեամբ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պահանջէր իրեն համապատասխան տապանաքար»։ Ասիկա անընդունելի արդարացում է։ Տատրեանը յուղարկաւորած են Հայաստանի մէջ քորոնա ժահրի տարածումէն եօթը ամիս առաջ եւ արցախեան պատերազմէն աւելի քան մէկ տարի առաջ։ Կը նշանակէ, որ բաւարար ժամանակ կար Տատրեանի գերեզմանին շիրմաքար կամ առնուազն յուշատախտակ մը տեղադրելու համար, տակաւին չըսած, որ 2020ի պատերազմէն անցած է գրեթէ երկու տարի, եւ քորոնա ժահրը այլեւս տարածուած չէ Հայաստանի մէջ։ Աւելի՛ն, Տատրեանի մահէն ի վեր ուրիշ մարդիկ թաղուած են մօտակայ գերեզմաններու մէջ եւ անոնք շիրմաքար ունին...
Առաւել մտահոգիչ են այս խայտառակութիւնը կոծկելու փորձերը։ «Զօրեան» հաստատութենէն Յովհաննիսեան դիմատետրեան իր էջին վրայ գրած է. «Կը խնդրենք այս հարցը հրապարակայնօրէն բարձրացուցած մարդոցմէ, որ զերծ մնան չստուգուած տեղեկութիւններու տարածումէն եւ աւելորդ մեկնաբանութիւններէ, որոնք միայն կրնան փոթորիկ պատճառել մէկ գաւաթ ջուրի մէջ»։ Նման անիմաստ արդարացումներ հնչեցուցած են նաեւ ՀՀ ԱԳՆ մամուլի խօսնակ Վահան Յունանեան եւ Երեւանի մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան։ Այսպիսի կեցուածք կը դրսեւորեն անոնք, որոնք կը փափաքին կոծկել իրենց ամօթալի սխալները։ Աւելի պատշաճ կ՛ըլլար, որ ներողութիւն խնդրէին եւ անյապաղ քայլերու ձեռնարկէին, Տատրեանի գերեզմանին շիրմաքար տեղադրելու համար։
Եթէ Փաշինեանի նշանակած պետական յանձնախումբի անդամները չեն կրցած երեք տարուան մէջ կազմակերպել մեծարգոյ հայ գիտնականի շիրիմին տապանաքար դնելու գործը, ուրեմն, անոնք պէտք է նկատողութիւն ստանային Փաշինեանէն, իրենց անփութութեան եւ ապաշնորհութեան համար։ Ասիկա ազգային խայտառակութիւն է։ Ցաւալի է նաեւ այն փաստը, որ հայ պաշտօնեաներ չեն կրնար գերեզմանի վրայ շիրմաքար տեղադրել, ապա, ուրեմն, հայեր ինչպէ՞ս վստահին իրենց կառավարութեան՝ այսքան լուրջ հարցեր ունեցող երկրին ղեկավարումը:
Վերջապէս, փրոֆ. Տատրեանի շիրիմը պէտք չէ ըլլար Թոխմախի գերեզմանատան մէջ։ Աւելի պատշաճ կ՛ըլլար այն, որ Տատրեանի աճիւնը ամփոփուէր Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին ետեւը կամ Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ, նշանաւոր միւս անձերու կողքին։ Ասիկա նուազագոյնն է, որ կրնայ Հայաստանի կառավարութիւնը ընել, իր կոպիտ սխալը շտկելու համար։
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան