image

Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ մեր վճռական աջակցութիւնը. Պորել

Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ մեր վճռական աջակցութիւնը. Պորել

Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակը կը պահանջէ Եւրոպական Միութեան վճռական աջակցութիւնը։ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցին այս մասին ըսած է Եւրոմիութեան արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորելը։

Ան նշած է, որ խորհուրդի նիստէն առաջ առաջին հանդիպումը ունեցած է ՀՀ արտաքին գործբոց նախարարի հետ։

«Կարեւոր է շարունակել ուշադրութիւն դարձնել Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներուն մէջ առկայ իրավիճակին, մասնաւորապէս՝ Հայաստանի, որ շատ դժուար իրավիճակի մէջ կը գտնուի... Հայաստանեան իրավիճակը մեր վճռական աջակցութեան կարիքն ունի»,-ըսած է Պորել։

Ան նաեւ նշած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը դրական կը գնահատէ Եւրոպական Միութեան Վրաստանի անդամակցութեան գործընթացը:

Յիշեցնենք` Միրզոյեանն 11 դեկտեմբերին մեկնած է Պրիւքսէլ եւ մասնակցած Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի ձեւաչափով հանդիպման։