image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստանի մէջ կառավարման ձեւը պիտի չփոխուի. Իշխանական պատգամաւոր

Հայաստանի մէջ  կառավարման ձեւը պիտի չփոխուի. Իշխանական պատգամաւոր

Ես Իլհամ Ալիեւի խօսքերը ընդհանրապէս չեմ մեկնաբաներ, ձեզի ալ խորհուրդ չեմ տար։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Վլատիմիր Վարդանեանը՝ անդրադառնալով Սահմանադրութիւնը փոխելու վերաբերեալ Ալիեւի յայտարարութիւններուն։

«Իմ կարծիքով մենք պէտք է առաջնորդուենք սեփական շահերով ու մեր հանրապետութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներով։ Նախորդ ճեպազրոյցի ժամանակ էլ ասացի, որ սահմանադրական բարեփոխումներ պէտք է իրականացուեն եւ իրականացուելու են բացառապէս ՀՀ ժողովրդի կամքով։ Մենք պէտք է առաջնորդուենք այն սկզբունքով, որ տարածքային ամբողջականութիւնը եւ սահմանների անխախտելիութիւնը ՄԱԿ-ի ստեղծումից յետոյ դիտարկուելու են եւ շարունակուելու են դիտարկուել որպէս կարեւորագոյն անկիւնաքար միջազգային յարաբերութիւններում, ու մենք պէտք է շարժուենք այդ ճանապարհով»,-ըսած է ան։

Վարդանեանը նշած է, որ նոր սահմանադրութիւն կը նշանակէ նոր ընթացակարգ։

«Այդուհանդերձ չպէտք է մոռանանք, որ գոյութիւն ունեն սահմանադրաիրաւական սկզբունքներ, որոնք, անախ նրանից, թէ ինչ սահմանադրութիւն կը լինի, պահպանւում են։ Դրանք դիտարկւում են որպէս ցողունային սահմանադրական բջիջներ»,-ըսած է ան։

Պատասխանելով այն հարցին, թէ կը նախատեսուի արդեօք կառավարական ձեւի փոփոխութիւն եւս իրականացնել, պատգամաւորն ըսած է․ «Մենք այդ հարցը քննարկել ենք սահմանադրական բարոփոխումների խորհրդում եւ որոշում ենք կայացրել, որ կառավարման մոդելի փոփոխութիւն չի նախատեսուի»։