«Gallup»-ի հայաստանեան գրասենեակի հարցումներու համաձայն՝ ՀՀ-ի մէջ հարցուածները՝ եթէ յաջորդ կիրակի խորհդարանական ընտրութիւններ ըլլան, որ կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքին կու տան ձայնը, պատասխանած են հետեւեալ կերպ՝
Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան՝ 14,4 տոկոս, «Հայաստան դաշինքին»՝ 3,7 տոկոս, ԴՕԿ՝ դեմոկրատիա, օրէնք եւ կարգապահութիւն՝ 3,5 տոկոս, «Պատիւ ունեմ» դաշինքին՝ 2,3 տոկոս, Բագրատ Սրբազանին առանձին՝ 1,5 տոկոս, ԲՀԿ-ին՝ 1,2 տոկոս, Հանրապետութիւն կուսակցութեան՝ 0,6 տկոս։
Հարցուածներէն 8,6 տոկոսը նշած է ոչ ոք կ՚ընտրէ, դժուարացած են պատասխանել 22,5 տոկոսը, իսկ ընտրութիւններուն չեն մասնակցիր տարբերակն ընտրած է 32,5 տոկոսը: