Հայաստանի եւ Չինաստանի միջեւ առեւտուրի ծաւալը 2023 թուականի 9 ամիսներու ընթացքին գերազանցած է 1,5 միլիառ տոլարը: Այս մասին յայտարարած է ՀՀ-ի մէջ Չինաստանի դեսպան Եուն Ֆանը «Եւրասիական հետազօտութիւնները ժամանակակից Չինաստանի եւ Եւրասիոյ մէջ» 5-րդ համաժողովի ժամանակ:
Դիւանագէտը նշած է, որ Չինաստանը Հայաստանի երկրորդ խոշորագոյն առեւտրային գործընկերն է՝ հայկական ապրանքներու իրացման մեծ շուկայով:
«Այս տարուան առաջին 9 ամիսներուն առեւտուրի ծաւալը գերազանցած է 1,5 միլիառ տոլարը, որ 30 տոկոսով կը գերազանցէ նախորդ տարուան արդիւնքը»,-ըսած է Ֆանը:
Անոր խօսքով՝ աւելի քան 20 հայկական ընկերութիւններ աւելի վաղ մասնակցած են Փեքինի մէջ կայացած արտահանման միջազգային համաժողովին:
Չինացի դիւանագէտը փաստած է, որ երկու երկիրներու համագործակցութիւնը տարբեր նախագիծերու մէջ մշտապէս կ՚ընդլայնուի: Օրինակ՝ Չինաստանը կը մասնակցի «Հիւսիս-Հարաւ» մայրուղիի շինարարութեան, արեւային ուժանիւթի հետ կապուած նախագիծերուն, Հայաստանի Հանրային հեռուստատեսութեան վերազինման։
Դեսպանը նաեւ մատնանշած է կրթութեան ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը, Տեղական ինքնակառավարման մարմիններու մակարդակով փոխգործակցութիւնը։
Նշենք, որ երկու երկիրներու միջեւ առեւտուրի ծաւալը 2022 թուականին կազմած է 1,43 միլիառ տոլար։