Հայաստանը հեռացուած է ամերիկեան զօրավարժութեան մասնակից երկիրներու ցանկէն:
Փենթակոնի պաշտօնական կայքին մէջ աւելի վաղ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ փոփոխութիւն կատարուած է։
Նշենք, որ աւելի վաղ Փենթակոնի խօսնակն ըսած էր, որ մօտ 9000 ամերիկացի զինծառայող պիտի մասնակցի Defender-23 («Պաշտպան 23») զօրավարժութիւններուն, որոնք պիտի սկսին ապրիլ 22-ին։
Բացի Միացեալ Նահանգներէն, զօրավարժութիւններուն պիտի մասնակցին զինուորականներ Հայաստանէն, Վրաստանէն, Ալպանիայէն, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայէն, Պուլկարիայէն, Խրուաթիայէն, Չեխիայէն, Դանիայէն, Էսթոնիայէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Յունաստանէն, Հունգարիայէն, Իտալիայէն, Քոսովոյէն, Մոլտովայէն, Չեռնոկորիայէն, Հոլանտայէն, Հիւսիսային Մաքետոնիայէն, Լեհաստանէն, Ռումինիայէն, Սլովենիայէն, Սպանիայէն, Շուէտէն եւ Մեծ Բրիտանիայէն:
Նախնական տարբերակ՝