image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան եւ շարք մը այլ երկրներ կ'օգնեն Ռուսիոյ. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն

Հայաստան եւ շարք մը այլ երկրներ կ'օգնեն Ռուսիոյ. Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւն

Հայաստանը, Վրաստանը, Թուրքիան, Ղազախստանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները կ'օգնեն Ռուսիոյ շրջանցելու արեւմտեան պատժամիջոցները։ Նման կարծիք յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան պատժամիջոցներու համակարգման վարչութեան ղեկավար Ճիմ Օ'Պրայընը։

Ան ըսած է, որ դէպի Ռուսիա միահաւաք շրջոյթի (միքրոչիփեր) եւ առանցքային ելեկտրոնային բաղադրիչներու մատակարարումները, որոնք Արեւմուտքը փորձած է արգելափակել պատժամիջոցներով, վերադարձած է այն մակարդակին, որ կար ուքրանական հակամարտութենէն առաջ: Տեղեկութիւնը յայտնած է «Politico» թերթի եւրոպական հրատարակութիւնը։

Թերթը նշած է, որ Ռուսիան կը կատարելագործէ արեւմտեան պատժամիջոցներուն դիմակայելու իր հնարաւորութիւնները:

Օ'Պրայըն կը կարծէ, որ եւրոպական ընկերութիւնները ելեկտրոնային արտադրանքը կը վաճառեն երրորդ երկիրներու, ուրկէ այն կը վերարտահանուի Ռուսիա: Խօսքը միահաւաք շրջոյթի (միքրոչիփեր), մշակիչի (CPU), ելեկտրոնային ելեկտրամեկուսիչ հարթաթիթեղներու մասին է, որոնք անհրաժեշտ են սպառազինութեան ժամանակակից համակարգեր ստեղծելու համար։

Ըստ ամերիկացի պաշտօնեայի`վերարտահանման հիմնական հոսքերը կ'անցնին ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ տարածքով, բայց նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններով, Վրաստանով, Հայաստանով, Ղազախստանով: