Թրքական Sabah պարբերականը անդրադարձած է հայ եւ թուրք բանագնացներու յաջորդ հանդիպման հետ կապուած թեմային։
Ըստ թրքական պարբերականին՝ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանգիտական աղբիւրները յայտնած են, որ չեն փափաքիր հայ եւ թուրք բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը ըլլայ 3–րդ երկրի մէջ։ «Կ'ուզենք, որ կա՛մ Հայաստանի մէջ ըլլայ, կա՛մ Թուրքիոյ մէջ», նշած է աղբիւրը։