Այն պահուն, երբ կը մտածես, որ Հայաստանի մէջ արդէն հանդիպած ես ամէն տեսակ տարօրինակութեան, քեզ կը զարմացնեն ամբողջութեամբ նոր դէպքով մը։ Զգուշացնենք, որ հարցը ներքին քաղաքականութեան հետ կապ չունի, այլ կապուած է ոչ հմուտ, անհոգ, երբեմն ալ կաշառակեր պաշտօնեաներու հետ, որոնց անընդունելի վարքագիծը Հայաստանի մէջ կը շարունակուի աւելի քան 30 տարիէ ի վեր:
Անցեալ շաբաթ, ելեկտրոնային նամակ ստացայ Հայաստանէն՝ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ Գէորգ Եազըճեանի կողմէ: Ան, այս նամակով, վերջերս զգացած իր հիասթափութիւնն ու զայրոյթը կ՛արտայայտէր առարկելի դէպքի մը առնչութեամբ։ Գէորգ ելեկտրոնային նամակով դիմած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահին եւ Հայաստանի մէջ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարին: Նաեւ, ելեկտրոնային իր նամակին պատճէնները յղած է Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս գտնուող հարիւրաւոր հայերու՝ տուեալ հարցին գծով ահազանգ հնչեցնելու եւ անոնց միջամտութիւնը խնդրելու նպատակով:
Հարցը կը ծագի 27 Յունիսին, երբ Գէորգ իր քրոջ եւ անոր ամուսնոյն հետ կ՛երթայ Պետական եկամուտներու կոմիտէի գրասենեակ՝ ստանալու համար ԱՄՆէն, Վահագն Գուբէլեանի կողմէ իրեն ուղարկուած հայերէն գիրքեր․ Գուբէլեան առաքած էր իր մօր՝ Սիրան Սեզայի (1903-1973) երկու վէպերէն 78 օրինակ եւ Գէորգէն խնդրած՝ գիրքերը նուիրել Հայաստանի եւ Արցախի գրադարաններուն։ Երբ պետական պաշտօնեայ Սահակեան կը տեսնէ երկու գիրքերու բազմաթիւ օրինակներ, կասկած կ՛ունենայ, որ Գէորգ զանոնք ծախելու նպատակ ունի։ Սահակեան գրութիւն մը կը յղէ Երեւանի օդանակայանի մաքսաւորներուն՝ խնդրելով գնահատել տուեալ գիրքերուն նիւթական արժէքը եւ ներմուծման համար համապատասխան տուրք գանձել Գէորգէն։
Մաքսատան մէջ Գէորգ կը ցնցուի, երբ հինգ ծառայողներ իրարու հետ խորհրդակցելէ ետք իրեն կ՛ըսեն, որ երկու վէպերու պատճէնները պիտի յղեն Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն (ԱԱԾ)՝ ստուգելու համար անոնց բովանդակութիւնը․․․: Գէորգ կը հետաքրքրուի, թէ գիրքերու գրաքննութիւնը ԱԱԾի պարտականութիւններու մա՞ս կը կազմէ արդեօք: Մտահոգուած, որ մինչեւ ԱԱԾ պաշտօնեաները աւարտեն երկու վէպերու ընթերցումը, անոնք կրնան իրմէ պահանջել մեծ գումար, գիրքերու պահեստաւորման համար։ Զզուելով «ժողովրդավարական երկրի մէջ» խօսքի ազատութեան այս խախտումէն՝ Գէորգ մաքսաւորներուն կ՛ըսէ, որ գիրքերը կը ձգէ իրենց մօտ։
Այնուհետեւ, բողոքի քանի մը նամակ ղրկելէ ետք զանազան պաշտօնեաներու, 30 Յունիսին Գէորգ Սահակեանէն կը ստանայ անակնկալ հեռաձայնային զանգ մը, որով Սահակեան Գէորգը կը կանչէ մօտը, որպէսզի գիրքերը տան իրեն: Յաջորդ օրը, երբ Գէորգ գրասենեակ կը հասնի, Սահակեանը չի գտներ հոն, իսկ վերջինիս ղեկավարը շատ սիրալիր կ՛ընդունի զինք՝ ըսելով, որ այս դէպքին կապուած շատ բողոքներ ստացած է, որոնք զինք խայտառակած են աշխարհով մէկ։ Գլխաւոր մաքսաւորը նաեւ կ՛ըսէ, որ իր գրասենեակը վէպերէն քանի մը էջեր ղրկած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւն՝ խնդրելով արագ կարդալ զանոնք։ Իբրեւ թէ ԱԱԾ պատասխանած է, որ երկու վէպերուն մէջ ազգային անվտանգութեան խնդիր չկայ։ Առաջին գիրքը՝ «Խորտակուած կեանքեր», լոյս տեսած է 2015ին, իսկ երկրորդը՝ «Գիրք Ծննդոց»՝ 2019ին։
Նկատի ունենալով հիասթափութիւն պատճառող այս փորձառութիւնը եւ, միաժամանակ, հայ գրականութեան նկատմամբ ցուցաբերած իր լուրջ հետաքրքրութիւնը՝ Գէորգ հանդէս եկած է նոր առաջարկով մը՝ խնդրելով կառավարութենէն, որ արտասահմանի մէջ գործող Հայաստանի դեսպանութիւններու եւ հիւպատոսութիւններու ճամբով հայերէն գիրքերու եւ պարբերականներու դէպի Հայաստան տեղափոխման նպաստէ, դիւանագիտական տոպրակի միջոցով:
Տակաւին կայ հայ պաշտօնեաներու անհանդուրժելի անփութութեան երկրորդ աւելի ցնցող օրինակը, որ բժշկական եւ դիւանագիտական լուրջ հետեւանքներ ունեցաւ։
2020ի արցախեան պատերազմէն ետք՝ 12 Դեկտեմբեր 2020ին եւ 9 Յունուար 2021ին, Յունաստանի Հայ օգնութեան միութիւնը (ՀՕՄ) անմիջապէս հաւաքեց մարդասիրական անհրաժեշտ օգնութիւն, որ յունական երկու ռազմական օդանաւներով հասցուեցաւ Հայաստան։ Ծանրոցին մէկ մասը դուրս բերուեցաւ եւ անմիջապէս բաժնուեցաւ ՀՕՄ-ի կողմէ։ Սակայն, աւելի քան մէկ տարի ետք պարզուեցաւ, որ ղրկուած օգնութեան հիմնական մասը տակաւին կը գտնուէր Երեւանի օդակայանի մաքսային պահեստանոցը։ Քանի մը բողոք-նամակներէ ետք, որոնք մնացած էին անպատասխան, Յունաստանի մէջ Հայաստանի նորանշանակ դեսպան Տիգրան Մկրտչեան, 28 Յունիս 2022ին արձագանգեց՝ մտահոգիչ լուրով մը․ մինչ ՀՕՄի մարդասիրական օգնութիւնը վերջապէս դուրս կը բերուէր մաքսատունէն, ծանրոցին մէկ մասը ստիպողաբար պէտք է ոչնչացուէր՝ «ապրանքներուն (դեղերուն) ժամկէտը աւարտած ըլլալուն պատճառով»։
Դեսպան Մկրտչեան կը պատասխանէր՝ յունահայ համայնքի կողմէ 14 Դեկտեմբեր 2020ին եւ 7 Փետրուար 2022ին վարչապետ Փաշինեանի եւ այլ պաշտօնեաներու յղուած նամակներուն։
Անմիջապէս ղրկուած դեղերը պէտք է փրկէին 2020ի պատերազմին վիրաւորուած հայ զինուորներու կեանքը։ Ո՞վ պիտի կրէ պատասխանատուութիւն՝ այս դեղերէն զրկուած զինուորներու կորսուած կեանքերուն համար։ Աւելի՛ն. արդեօք Հայաստանի կառավարութիւնը ներողութիւն խնդրող նամակ յղա՞ծ է Յունաստանի կառավարութեան՝ Հայաստան անմիջապէս ղրկուած դեղերու մաքրազերծման երկարատեւ ձգձգման եւ այս պատճառով այդ դեղերու մէկ մասին ոչնչացման համար։ Յաջորդ անգամ Յունաստան այդքան ալ պատրաստակամ կրնայ չըլլալ, երբ Հայաստանի մէջ բուժական անմիջական օգնութեան կարիքը ըլլայ։ Ծանրոցի մաքսազերծման հարցով Հայաստանի կողմէ բացարձակ անփութութենէն բացի, նոյնիսկ 18 ամիս ետք, ՀՕՄ չէր ստացած իր երկու նամակներուն պատասխանները․․․
Այս մէկը անհանդուրժելի անհոգութեան վառ օրինակ է։ Ցաւօք, այս խայտառակ վերաբերումին համար ցարդ ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ պատասխանատուութեան ենթարկուեցաւ եւ կամ աշխատանքէ դուրս դրուեցաւ․․․
Ոչ մէկ բարի գործ անպատիժ կը մնայ Հայաստանի մէջ․․․
Յարութ Սասունեան
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
www.TheCaliforniaCourier.com
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան