image

Հայ-ատրպէյճանական թղթածրարով ԱՄՆ լաւատես

Հայ-ատրպէյճանական թղթածրարով ԱՄՆ լաւատես

Միացեալ Նահանգները կը հաւատայ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման հնարաւորութեան:

Այս մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի քարտուղարի առաջին տեղակալ Վետանթ Փաթելը՝ պատասխանելով Կովկասի մէջ բանակցութիւններու հարցերով Արտաքին գործոց նախարարութեան աւագ խորհրդական Լուի Պոնոյի Հարաւային Կովկաս կատարած այցի հետեւանքով կողմերու միջեւ խաղաղ գործընթացի վերաբերեալ ձեռք բերուած առաջընթացի մասին հարցին:

«Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հնարաւոր է կայուն խաղաղութիւն։ Սա այն է, որու վրայ վարչութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ: Համակարգող Լուի Պոնոն, Արտաքին գործոց նախարարը եւ այլք կը շարունակեն աշխուժօրէն ներգրաւուած ըլլալ ատոր մէջ»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ յունուար 8-ին Լուի Պոնոն այցելած էր Երեւան։ Այցի ընթացքին քննարկուած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցեր։