image

«Հաւատք եւ լոյս» խմբակի սաներուն այցը՝ Այնճար

  «Հաւատք եւ  լոյս» խմբակի  սաներուն այցը՝ Այնճար

 

Օրերս  Լիբանանի Հայ Կաթողիկէ համայնքի  նեցուկով  գործող եւ յատու  պէտքեր ունեցող երեխաներու «Հաւատք եւ  լոյս» խմբակի սաները այցելութիւն տուած են   հայկական աւան՝ Այնճար։ 

 Այս մասին  ուշագրաւ գրառում մը կատարած է  Մխիթարեան Միաբանութեան  եւ Հայ  Կաթողիկէ կղերի անդամներէն՝  Հ. Մեսրոպ վրդ. Թօփալեան։ 

Երկար  տարիներ  Այնճարի մէջ   ժողովրդապետի  պաշտօն  վարող վարդապետը  ամբողջական սիրով  պարուրած է  երեխաները  անոնց տալով   ուրախութեան պահեր ապրելու  կարեւոր  առիթ։

«Արեւելք»ին  եւս  սիրելի  վարդապետը  մասնաւորապէս  գրած է՝ 

 

 «Կիրակի, 25 Յունիս 2023-ին, «Հաւատք եւ Լոյս»-ի «Զմմառի Վերափոխման Տիրամայր»  խմբակին թանկագին, աննման եւ ամենասիրելի քոյրերս ու եղբայրներս, իրենց ծնողներուն եւ պատասխանատուներուն հետ, եղան մեր հիւրերը, որոնք թէ շատ ուրախացան եւ թէ յոյժ ուրախացուցին մեզ։

1995-էն սկսեալ իբր հոգեւոր վարիչ' այսօր սրտանց կը յայտնեմ շնորհակալութիւնս «Ս. Վարդարանի Տիրամայր» Հ. Կ. Համայնքին Եկեղեցասէր Տիկնանց Միութեան Մարօ Անտոնեան (Ատենապետուհի), Անի Անտոնեան (Փոխ ատենապետուհի) եւ Անի Թասլաքեան (վարչականուհի) ինքնամոռ ու հրճուեցնող ծառայասէրներուն, ինչպէս ալ Սեւակ Քէօշկերեանին, որ բոլորին օգնութեան հասաւ։ Նաեւ շնորհ Տ. Ալիշան Քհ. Աբարդեանին, որ Զահլէյէն միացաւ մեզի։

Սրտաբուխ շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ ԱՐԵՒ ճաշարանին տէրերուն' Յովիկ եւ Յարութ Զէյթլեան եղբայրներուն, որոնք, ինչպէս ամէն տարի, այս տարին եւս, մեր Աղաճանեան կենդրոնին մէջ, մեզ հիւրասիրեցին շատ համով ու առատ ճաշով։ 

  «Այս փոքրիկներէն մէկն իսկ ուրախացնողը Զիս կ'ուրախացնէ անհունապէս», կ'ըսէ Տէրը։

Բոլորիդ վարձքը կատար։ Ձեզ օրհնէ ու վարձահատոյց ընէ Աստուած։ 

Ձեզ ու ձեր սիրելիները կը յանձնեմ Մարիամ Սիրամօր: 

Օրհնութեամբ ու աղօթքով կը մնամ միշտ ձեզ սիրող ու ձեզի ծառայող Հ. Մեսրոպ»