Իրան –(«Շարք Ալ Աուսաթ»- Լոնտոն) «Ռուհանի կը պատրաստուի Նաժատի Թեւերը Կոտրել» խորագրին տակ Լոնտոն հրապարակուող «Շարըք Ալ Աուսաթ» օրաթերթը գրած է Իրանի մէջ նախատեսուող ներքին պայքարի մը մասին: Ըստ թերթին Իրանի նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանի մտադիր է վճռական պայքար մը տանիլ երկրի նախկին նախագահ Մահմուտ Ահմատի Նաժատին դէմ: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ,որ երկրի ՏԻՄ-ի (Տեղական ինքակառավարման մարմիններ-Խմբ.՝ «Արեւելք») յառաջիկայ ընտրութիւններուն նախագահ Ռուհանի պիտի ջանայ ամէն գնով նօսրացնել իրեն մրցակից համարուող Նաժատի ազդեցութիւնը: Կը նշուի նաեւ, որ ՏԻՄ-ի մարմիններուն 70 առ հարիւրը կը գտնուի նախկին նախագահին տիրապետութեան տակ: