image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններու չեղարկման հարցով Ռուսիա մտահոգ

ՀԱՊԿ զօրավարժութիւններու չեղարկման հարցով Ռուսիա  մտահոգ

Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան ամենշաբաթեայ ճեպազրոյցին ըսած է, որ Հայաստանի տարածքին ՀԱՊԿ «Անխորտակելի եղբայրութիւն-2023» զօրավարժութիւնները չկայացնելու Երեւանի որոշումը որոշակի դժուարութիւններ կը ստեղծէ կազմակերպութեան անդամներու համար։

«Ակնյայտ է, որ այս հարցով Հայաստանը կը շարունակէ գործել՝ ելլելով իր զինուած ուժերու առջեւ ծառացած առաջնահերթ խնդիրներէն՝ հաշուի առնելով ստեղծուած իրավիճակը... Կ'ուզեմ յիշեցնել, որ անցեալ տարի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ռազմական զօրախումբ չէ յատկացուցած Ղազախստանի մէջ ՀԱՊԿ համատեղ զօրավարժութիւններուն մասնակցելու համար։  Այդ, ի հարկէ, որոշակի դժուարութիւններ կը ստեղծէ դաշնակիցներու համար՝ ստիպելով անոնց վերագծել ռազմական գերատեսչութիւններու կողմէ արդէն համաձայնեցուած ծրագրերը», -ըսած է Զախարովան։

Աւելի վաղ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ Երեւանը հրաժարած է երկրին մէջ կայացնել ՀԱՊԿ «Անխորտակելի եղբայրութիւն-2023» զօրավարժութիւնները։ Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանն արդէն ՀԱՊԿ-ի միացեալ շտաբին տեղեկացուցած է, որ ստեղծուած իրավիճակին մէջ Երեւանը աննպատակայարմար կը համարէ վարժանքներու կայացումը։