image
Հրատապ լուրեր:

ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը պիտի մեկնի Ղազախստան

ՀԱՊԿ Գլխաւոր Քարտուղարը պիտի մեկնի Ղազախստան

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլավ Զաս Յունուար 11-ին պիտի մեկնի Ղազախստան՝  ուսումնասիրելու իրավիճակը։ 

«Իրադրութիւնը ուսումնասիրելու, հրամանատարի, Ղազախստանի Հանրապետութեան ղեկավարութեան հետ հանդիպման համար, Ղազախստանի Հանրապետութեան  նախագահին եւ ՀԱԽ նախագահին հետ համաձայնեցմամբ, վաղը կը մեկնեն Ղազախստան», ըսած է Զաս։

Զաս յայտարարած է, որ այնպիսի խնդիրներ, որոնք կը պահանջէին ՀԱՊԿ պետութիւններու ղեկավարներու ինչ-որ որոշումների ընդունում, Ղազախստանի մէջ չկան։

Զասի խօսքով՝ գործողութիւնը Ղազախստանի մէջ ցոյց տուած է, որ ՀԱՊԿ ստեղծած խաղաղապահները կ'աշխատին եւ կրնան կատարել առաջադրանքները։