image

Հանրայայտ մտաւորական՝ Զաւէն Տիգրանեան անկումի հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց. Ան կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը

Հանրայայտ մտաւորական՝ Զաւէն Տիգրանեան անկումի հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց. Ան կը բոլորէ ապաքինման շրջան մը

Լիբանանահայ յարգուած մանկավարժ եւ տնտեսագէտ՝Զաւէն Տիգրանեան անկումի մը հետեւանքով դժուար պահեր ապրած է։

 Անկումէն ետք շնորհիւ իր ծանօթներուն ան փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ներկայիս ալ կը գտնուո բժիշկներու խնամքին ներքոյ։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ հանրաճանաչ մտաւորականի դիմատետրեան էջէն, ուր ան մասնաւորապէս գրած է՝

Չորս շաբաթներ առաջ , չար երկվայրկեանի մը ընթացքին , ծանր անկում մը զիս անշարժութեան ենթարկեց , սակայն այսօր արդէն նախնական ապաքինման շրջանի վերսկսած եմ ։ Անսահման փառք նախ երկնային Տիրոջ որ զիս ողջ պահեց եւ ամրացուց հաւատքս երկնային հոգածության եւ փրկութեան։ Ապա անհուն շնորհակալութիւն Ս. Խաչ Հարպոյեան երկրորդական վարժարանի տնօրեն Պրն.Արամ Գարատաղլեանի եւ իւրաքանչիւր գործակիցի, անհատ առ անհատ , իմ երկրորդ ընտանիքիս , նաեւ բժշկական անձնակազմին եւ բոլոր անոնց որոնք մինչեւ օրս կը հետեւին իմ ապաքինման ընթացքին։ Աղօթքս առ Աստուած որ պահպանէ եւ փորձանքէ հեռու պահէ համայն աշխարհի հայութիւնը , Ամէն։

Շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթենք մեր հայրենակիցին հաւատալով, որ ան շուտով ոտքի կը կանգնի եւ կը վերադառնայ իր առաքելութեան։