Միացեալ Նահանագներէն վերահասու դարձանք, անակնկալ մահը Դոկտ. Կարապետ (Յայտնի Կարօ անունով) Մոմճեանի մահուան մասին։
Նշենք, որ Պէյրութ ծնած մեր հայրենակիցը երկար ամեակներէ ի վեր հաստատուած էր ու կը գործէր Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Հանգուցեալը կարեւոր ներդրում ունեցած է Հայ Դատի պայքարին, ինչպէս նաեւ որպէս ակադեմական գործիչ հանդէս եկած է բազմաբնոյթ դասախօսութիւններով։
Կարօ Մոմճեանի անունը արժանի է ամենայն յարգանքի, յատկապէս, որ ան մեծ նպաստ բերած է Հայոց Ցեղասպանութեան թեման ամերիկայի ակադեմական շրջանակներուն ներկայացնելու առընթեր։
Դոկտ. Կարօն կը տիրապետէր նաեւ օսմաներէն լեզուին, բան մը, որ աւելիով կ՚արժէքաւորէր Օսմանեան Կայսրութեան ժամանակաշրջանի անցուդարձերը եւ հայութեան դիրքը, դերն ու ապա եաթաղանի ենթարկուելու փաստարկումները գիտական որակով հանրութեան ներկայացնելու տեսակէտէն։
Յարգանք իր վաստակին։
Նշենք նաեւ, որ այս տխուր առթիւ մահագրական մը տարածած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէն կը գուժէ ՀՅԴի երկարամեայ ընկեր, պատմաբան եւ դաստիարակ Դոկտ. Կարապետ (Կարօ) Մոմճեանի մահը, որ պատահեցաւ 28 Մարտին, Լոս Անճելըսի մէջ։
Ան եղած է ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ մաս կը կազմէր ՀՅԴ Փասատինայի «Լեռնավայր» կոմիտէութեան։
Իբրեւ պատմաբան՝ Մոմճեան հեղինակած է շարք մը յօդուածներ եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին իր ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցած է գիտաժողովներու եւ հանրային ձեռնարկներու ընթացքին։
Ան եղած է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն եւ Վահան եւ Անոյշ Շամելան Ազգային վարժարանի փոխտնօրէն։ Ան նաեւ մաս կազմած է «Ասպարէզ»ի խմբագրական կազմին եւ ակադեմական աշխարհ անցնելէ ետք շարունակած է իր յօդուածներով աշխատակցիլ թերթին։
Ակադեմական ներդրումներուն կողքին, Մոմճեան նաեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան եւ սկզբունքներուն նուիրեալ ջատագով էր։