Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է տաղանդաւոր դերասան՝ Սամուէլ Սարգսեան։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Թատերական գործիչներու միութիւն»էն։
Կը նշուի, որ դերասանը Երեւանի ծնունդ էր։
Ան գործած է բազմաթիւ թատրոններու մէջ եւ ուղենշային եղած են իր երեւումները յատկապէս Կիւմրիի «Վարդան Աճէմեան»ի անուան թատրոնին մէջ։
Ժամանակ մը ապրած ու գործած է Միացեալ Նահանգներու մէջ։
Սարգսեան հանդէս եկած է նաեւ Հայաստանի մէջ նկարահանուած բազում տեսաշարներու (սերիալ) մէջ։
Հանգուցեալը 67 տարեկան էր։
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ