image

«Համաս»էն կոչ՝ վերաբանալու «Ռաֆահ»ի անցակէտը

«Համաս»էն կոչ՝ վերաբանալու «Ռաֆահ»ի անցակէտը

Պաղեստինեան արմատական ՀԱՄԱՍ շարժման քաղբիւրոյի ղեկավար Իսմայիլ Հանիան դիմած է Եգիպտոսի իշխանութիւններուն՝ կոչ ընելով ամբողջութեամբ բանալու «Ռաֆահ» անցակետը, որ կը գտնուի Կազայի հատուածի հետ սահմանին եւ ուշադրութիւն չդարձնել որեւէ փաստարկի, որ կրնայ խոչընդոտել ատոր։ Շարժման առաջնորդի յայտարարութիւնը մէջբերած է Al Jazeera հեռուստաալիքը։

«Մենք կոչ կ՚ընենք Եգիպտոսի մէջ գտնուող մեր եղբայրներուն ամբողջութեամբ բանալու «Ռաֆահ» անցակէտը եւ անտեսելու որեւէ փաստարկ, որ կը խոչընդոտէ ատոր», -ըսած է Հանիան:

Անոր կարծիքով, «իսրայէլեան ուժերու առանձնակի դաժանութիւնը, որ համընկաւ ԱՄՆ պետքարտուղար Պլինքընի Իսրայէլ կատարած այցի հետ, կը վկայէ այն մասին, որ Միացեալ Նահանգները կանաչ լոյս վառած է Իսրայէլի իշխանութիւններու առջեւ նման գործողութիւններու համար եւ լիովին կ՚աջակցի անոնց»։