image
Հրատապ լուրեր:

«Համահայկական վստահութեան խորհուրդ»ի մրցանակ՝ «Ֆոթո»ն ընկերութեան հիմնադիր եւ սեփականատէր՝ Յակոբ Գույումճեանին (Տեսանիւթ)

 «Համահայկական վստահութեան խորհուրդ»ի մրցանակ՝ «Ֆոթո»ն ընկերութեան հիմնադիր եւ սեփականատէր՝ Յակոբ Գույումճեանին (Տեսանիւթ)

 Հայրենադարձած մեր հայրենակից Յակոբ Գույումճեան եւ որդիները կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ։

Օրերս «Աքշըն» կազմակերպութեան «Ֆոթո»ն միաւորը ստացած «Համահայկական վստահութեան խորհուրդ»ի  մրցանակը, եւ այն դասուած է Հայաստանի մէջ գործող եւ ինքնաշարժներու իւրայատուկ տիպի քարշիչներ վաճառող ընկերութիւն։

 

 

Կը նշուի նաեւ, որ «Ֆոթոն» քայլ պահելով հայաստանեան շուկայի պահանջներուն հանրութեան պիտի ներկայացնէ ելեկտրական ինքնաշարժներու նոր հաւաքածոյ մը։

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ «Ֆոթոն»ի սեփականատէրն է Տիար Յակոբ Գույումճեան, որ երկար տարիներ ունեցած է բարեյաջող գործունէութիւն Քուէյթի մէջ եւ վերջին տարիներուն ալ հայրենադարձուելով  մասնաճիւղ մը հիմնած է հայրենի ափերուն։

 

 

 

 

 

 Տիար Յակոբ Գույումճեանի յաջողութեան գրաւականը անոր ճշդապահութիւն է ու ան նաեւ բարի օրինակ է սփիւռքով մէկ տարածուած հայ գործարարներուն, որոնք կոչուած են այսօր իրենց յաջողութիւնները բերել ու տարածել Հայաստանի մէջ։

 

 

 

 Աւելի մանրամասն՝ տեսանիւթով