4 Սեպտեմբերին Cham Wings օդանաւային ընկերութեան Երեւան Հալէպ ետդարձի թռիչքը վայրէջք կատարեց Հալէպի Միջազգային օդակայան: Տարիներէ ի վեր հալէպահայութեան համար սպասուած օր մըն էր այս:
Այս առթիւ «Արեւելքի»ն խօսեցաւ Բերիոյ թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան:
Ան մասնաւորապէս ըսաւ, թէ Երեւանէն Հալէպ հասնող թռիչքը դիմաւորուեցաւ շատ լաւ ու պատշաճ ձեւով: Բաւական ճամբորդ կար օդանաւին մէջ եւ խճողում ստեղծուեցաւ:
Սրբազան հայրը նշեց թէ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ ՀՀ դեպանը Հալէպի Միջազգային օդակայանէն յայտարարեց, որ այս թռիչքը պիտի օգնէ, որ բաւական մեծ թիւով հայեր վերադառնան կամ այցելեն իրենց ծննդավայրը Հալէպ, եւ այլ միջազգային թռիչքները նոր աշխոյժութիւն բերեն Սուրիոյ եւ ի մասնաւորի Հալէպին։
Առաջնորդ Սրբազան հայրը ողջունելով ու օրհնելով այս պատմական օրը շեշտեց երկու հիմնական կէտեր՝ առաջինը, որ այս թռիչքը կը վերահաստատէ երկու քոյր պետութիւններու (Հայաստան-Սուրիա) բարեկամութիւնը եւ կապերու խորացումը առաւել եւս մշակութային, տնտեսական եւ զանազան բնագաւառներէն ներս, եւ երկրորդը՝ թէ «Այս առիթը կոչ եւ հրաւէր է ուղղուած մեր բոլոր սուրիահայերուն, որոնք պատերազմի տարիներուն պարտադրուած կերպով դուրս եկան են երկրէն, վերադառնալու Սուրիոյ՝ Հալէպ եւ մօտէն ծանօթանալու ստեղծուած իրավիճակին եւ անշուշտ կապ հաստատելու իրենց հարազատներուն հետ»։