«Արեւելք»ի Հալէպի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ օրերս Հալէպի մէջ կայացած է ճատրակի խումբերու ծանօթացման յատուկ միջոցառում։
Հանդիպման այս շաբթուան հիւր խումբը եղած է Հալէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճատրակի մանկապատանեկան խումբը, իսկ նախաձեռնութիւնը կազմակերպած է Ազգային Մշակութային Միութիւնը։
Ըստ Ա.Մ.Մ.ի նախկին ատենապետ, դեղագործ Բենիամին Ֆերմանեանի, այս հանդիպումները պիտի ըլլան հերթական եւ ամէն անգամ պիտի հրաւիրուի հալէպահայ տարբեր ակումբի մը ճատրակի խումբ մը: Ֆերմանեան խօսելով մեր թղթակցին յայտնած է, որ հանդիպումները , պիտի չկրեն մրցաշարքի տրամաբանութիւն, այլ պիտի ըլլան ծանօթացման հանդիպումներ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճատրակի խումբի մարզիչն է տիար Լեւոն Նաճարեան, իսկ Ա.Մ.Մ.ի խումբի մարզիչն է հայրենի մարզիչ, պարոն Արթուր Պուղարեանը: Պարոն Պուղարեան բարձր գնահատելով միութեան վարչութեան կազմակերպած հանդիպումը, կարեւորած է նման հանդիպումները, նշելով որ նմանօրինակ հանդիպումներ պիտի նպաստեն մարզիկներու կազմաւորման տալով անոնց հաստտակամութիւն եւ փորձառութիւն։
Պուղարեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կը մարզէ հալէպահայ տարբեր միութիւններու ճատրակի տարբեր տարիքային խումբերը, որոնց մէջ կան բազմաթիւ տիտղոսակիր մարզիկներ , Հալէպի բազմակի ախոյեաններ եւ նոյնիսկ Սուրիոյ իրենց տարիքային շերտի մէջ ախոյեան դարձած տղաք ու աղջիկներ։
Մէկ խօսքով Հալէպեան այս հանդիպումները նոր խթան պիտի հանդիսանան մեր մարզիկներուն գրանցելու նորանոր յաջողութիւններ, միշտ բարձր պահելու Սուրիոյ, ինչպէս նաեւ սուրիահայութեան անունը։