Հալէպէն տխուր լուր ստացանք։ Յետ ծանր հիւանդութեան իր մահկանացուն կնքած է նուիրեալ մայր, Հայ Աւետարանական «Բեթել» վարժարանի երկարամեայ ուսուցչուհիներէն՝ Լենա Սազեան Տաղլեան։
Կը նշուի, որ հանգուցեալը ծնած էր Հալէպ 1969-ին։ Ան ուսանած էր Հալէպի պետական համալասարանէն ներս ու ապա նետուած էր կեանքի ասպարէզ դառնալով Հայ Աւետարանական «Բեթել» վարժարանի յարգուած ուսուցչուհիներէն մին։
Ամուսնացած էր Ռաֆֆի Տաղլեանին հետ եւ դարձած մայր երկու զաւակներու՝Անժելա եւ Յակոբ։
Սուրիոյ պատերազմի ողջ տեւողութեան ան չէր հեռացած Հալէպէն հաւատալով , որ արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ եւ իր համար սիրելի սուրիական հայրենիքը դարձեալ պիտի վերագտնէ իր երբեմնի փայլն ու խաղաղութիւնը։
Ան երկարատեւ պայքար մղեց հիւանդութեան դէմ, որուն հետեւանքով ալ յաւերժին փակեց իր աչքերը։
Հանգուցեալը եղած է սիրուած եւ յարգուած մէկ անդամը Հալէպի հայկական համայնքի, որ միեւնոյն ժամանակ հաւատարիմ ուսուցչուհի էր եւ նուիրեալ ու սիրելի մայր։
Այս տխուր առթիւ «Բեթել» վարժարանի պատասխանատու մարմինը հրապարակած է կարճ մահագրական մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝
Հայ Աւետարանական «Բեթէլ»» Երկրորդական Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը կը գուժէ վաստակաշատ ուսուցչուհիներէն Տիկ. Լենա Սազեան-Տաղլեանի մահը, որ պատահեցաւ 15 Օգոստսոս 2023-ի երեկոյեան։
Յանուն Սուրիոյ Հայ Աւետ. Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի եւ ողջ Բեթէլի ընտանիքին անունով մեր խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի ընտանիքին եւ պարագաներուն եւ Ս.Հոգիին մխիթարութիւնը կը հայցենք։
