image

Հալէպի մէջ. Հաւաքոյթ՝ նուիրուած մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկներուն

Հալէպի մէջ. Հաւաքոյթ՝ նուիրուած մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկներուն

Հալէպի մէջ, օրերս, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Օգնութեան խաչի շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Անի», «Սեւան» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղերուն, տեղի ունեցած է հաւաքոյթ մը՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկներուն համար։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Փարիզի «Նոր Յառաջ» պարբերականէն։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լուրը՝

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Օգնութեան խաչի շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ «Անի», «Սեւան» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղերուն, Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12-ին տեղի ունեցած է հաւաքոյթ մը՝ մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի փոքրիկներուն համար։

Հալէպի ապրած վերջին օրերու  ճգնաժամը իրենց ետին թողած, փոքրիկները հետեւելով իրենց համար պատրաստուած յայտագրին, «Լ. Շանթ» սրահին մէջ զուարճալի պահեր ապրած են։

Անոնք իրենց անկեղծ ու անմեղունակ շարժումներով եւ գեղեցիկ երգերով ու ասմունքներով հաճելի մթնոլորտ ստեղծած են։