image
Հրատապ լուրեր:

Հալէպի մէջ. Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը իր 175-րդ նիստը գումարեց

Հալէպի մէջ. Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը իր 175-րդ նիստը գումարեց

Նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, Ազգ. Երեսփոխանական ժողովը իր 175-րդ նիստը գումարեց Ուրբաթ, 31 Հոկտեմբեր 2025-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:

Նիստին ներկայ գտնուեցան թեմիս Ազգ. Երեսփոխանական ժողովի անդամները, Հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեան, Հոգշ. Տէր Արմէն Աբղ. Գալաճեան, Քեսապի հոգեւոր տեսուչ Հոգշ. Տէր Եսայի Վրդ. Էօրտէքեան, Ազգ. Վարչութեան եւ Կրօնական ժողովի կազմերու անդամները, ինչպէս նաեւ Ազգ. Երեսփոխան, Յարաբերական Մարմնի ներկայացուցիչը:

Ժողովը ընթացք առաւ սրբազան հօր Տէրունական աղօթքով եւ «Զգործս Ձեռաց Մերոց» մաղթանքով: Մակար Սրբազան փառք տուաւ Աստուծոյ, որ երկրի ծանր պայմաններուն մէջ, ձեռք-ձեռքի տալով շրջանցեցինք դժուարութիւնները, ծրագրեցինք, կազմակերպեցինք, աշխատելով մեր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ծառայել համայնքին:

Սրբազան հայրը յիշեց նաեւ մեզմէ առյաւէտ բաժնուած Ազգ. Համակարգէն ներս ծառայողներ՝ խաղաղութիւն մաղթելով անոնց հոգիներուն եւ բարեյաջող ընթացք՝ ժողովին:

Նիստը յատկացուած էր մեր ժողովուրդի եւ թեմի մտահոգութիւններուն, ներկայ իրավիճակէն թելադրուած  ուսումնակրթական, տնտեսական, կալուածային եւ ընկերային ծառայութեան ոլորտներու մարտահրաւէրներուն:

Այս առումով ժողովը լսելէ ետք Ազգ. Վարչութեան ներկայացուցած ամփոփ տեղեկագիրը, հանգամանօրէն կատարեց քննարկումներ, ներկայացուց առաջարկներ եւ պատկերացումներ յառաջիկայ օրերուն վերաբերեալ:

Նիստի աւարտին սրբազան հայրը իր  յոյսը, 

գոհունակութիւնն ու գնահատանքը յայտնելով ցարդ կատարուած աշխատանքներուն համար մաղթեց, որ յաոաջիկայ ծրագիրները եւս նոյն թափով, նոյն ոգիով եւ նոյն միասնակամութեամբ  շարունակուին՝ յանուն մեր ժողովուրդի, ազգի եւ թեմի բարօրութեան,  յանուն երկրի յառաջընթացին։ 

Դիւան Ազգ. Առաջնորդարանի