Հալէպէն դրական լուր ստացանք։
«Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրին հաղորդմամբ զոյգ երկուորեակներ (4 նորածիններ) լոյս աշխարհ եկած են։
Լուրը հետապնդելու մեր ճիգին մէջ յայտնի դարձաւ, որ երեխաները ծնած են «Ալ Քալիմա» հիւանդանոցին մէջ եւ անոնց մայրիկին մատակարարող բժիշկը եղած է Հալէպի հայկական շրջանակներուն մէջ յարգուած անուն հանդիսացող Տօքթ. Յարութիւն Նազարեանը։
Աւելի ուշ կապ հաստատեցինք մանկաբարձ բժիշկին հետ, որ մեզի լուրը հաղորդելով նշեց, որ ծննդաբերող հալէպցի մայրիկը եղած է իր հիւանդ եւ ան կարեւոր ճանապարհ մը անցնելով կարողացած է իր պարտականութիւնները լիուլի կատարել մայրիկին ու նաեւ նորածինններուն հետ։
Նորածին փոքրիկները առողջ են ու անոնք կը բոլորեն բժշկական խնամքի կարեւոր փուլ մը։
Ծանրագոյն պատերազմի ականատես դարձած Հալէպ քաղաքը նոր շունչ կը քաշէ ու հակառակ տնտեսական բաւականին խորունկ ճգնաժամի քաղաքը դանդաղ բայց հաստատ քայլերով կ՚ընթանայ դէպի դրական ժամանակներ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հալէպահայ գործիչներու հետ Arevelk.am-ի կատարած հարցազրոյցներու շարքին 2019 թուականին ունեցած են հարցազրոյց մը Տօքթ. Յարութիւն Նազարեանին հետ։ Հարցազրոյցը տեսնել՝ այստեղ։
Տօքթ. Նազարեանը իր որդիներուն հետ