Յունաստանի Նիքէայի քաղաքապետարանին կողմէ տօնական օրերուն նուիրուած ելոյթներու շարքին մէջ «Մեղեդիներ կորսուած հայրենիքէն» ընդհանուր խորագիրով ելոյթին մէկ մասը յատկացուած էր հայկական մշակոյթին, որու ծիրէն ներս հանդէս եկած է նաեւ «Նանօր» պարախումբը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն քաղեց Լոս Անճելըս հրապարակուող՝ «Ասպարէզ»էն, որ, մասնաւորապէս, գրած է՝
Կիրակի, 29 Դեկտեմբեր 2024ին երեկոյեան Նիքէայի մէջ իրագործուեցաւ ելոյթ մը, որուն ընթացքին յոյն հանդիսատեսները ծանօթացան հայկական պարային արուեստին եւ մեծապէս գնահատեցին մեր պատանիները։ «Նանօր» միջին տարիքի երկսեռ խումբը, պարուսուցութեամբ գլխաւոր պարուսոյց Էտկար Էկեանի եւ պարախումբի պատասխանատու ուսուցող Աննա Պօղոսեանի, հրամցուց հինգ հայկական պարեր Նիքէայի Այիոս Նիքոլաոս հրապարակին վրայ։
Նիքէայի քաղաքապետարանին կողմէ տօնական օրերուն նուիրուած ելոյթներու շարքին մէջ, գործակցութեամբ շրջանի ՀՅԴ «Վարանդեան» կոմիտէին եւ Համազգայինի պարի միաւորին, Կիրակի երեկոյեան ելոյթին մէկ մասը յատկացուած էր հայկական մշակոյթին։
«Մեղեդիներ կորսուած հայրենիքէն» ընդհանուր խորագիրով ելոյթին ընթացքին նաեւ Նիքէայի քաղաքապետական երաժշտանոցի նուագախումբը ներկայացուց փոքրասիական երաժշտական գոհարներ։
Յոյն եւ հայ բազմաթիւ ներկաներուն առջեւ «Նանօր» պարախումբը հրամցուց տպաւորիչ պարեր։
Տօնական օրերու մթնոլորտին մէջ, հրապարակի լուսաւոր եւ բազմապիսի զարդարանքներու պատկերներուն տակ, հայկական պարը եւս զարդարեց տօնական միջավայրը։