Կեանքի վերադարձած է Լեւի, բայց իր հոգեբանութիւնը ամբողջովին խանգարուած։ Ամիսներու, նոյնիսկ տարիներու հոլովոյթով մէկ տող իսկ չէ գրած։ Մէկ բառ իսկ չէ արտասանած։ Բայց իր վրայ կը զգայ այդ տառապանքը, այդ չարչարանքը ուրիշներու ալ իմաց տալու պատասխանատուութիւնը։
Այս ապրուածները այնքան ծանր են, որ հեղինակը կը դժուարանայ զանոնք կրելու եւ կը դիմէ անձնասպանութեան։
Ես կը խոստանամ Փրիմօ Լեւիի այլ գործերը եւս կարդալ եւ տպաւորութիւններս կիսել ձեզ հետ։
Կ՚ուզեմ տողերուս սկսիլ վերջին քանի մը շաբաթներու բացակայութեանս համար ընթերցողներէն ներողութիւն խնդրելով։ Բացակայեցայ, որովհետեւ ծանրաբեռնուած էի իմ առաջին լիամեթրաժ ֆիլմի՝ «Ձիւնծաղիկի» (Չիղտեմ) նկարահանումներով։ Կարսի սահմանամերձ գիւղերու մէջ շարունակուող աշխատանքը գոնէ նկարահանումներու առումով իր աւարտին հասած է։ Այժմ պիտի աշխատիմ ֆիլմի մոնթաժին համար։
Ընթերցողներս գիտեն թէ առանց ընթերցումի եւ ապա ընթերցածներուս տպաւորութիւնները առանց մեկնաբանելու անցնող շաբաթները կատարեալ տառապանք են ինծի համար։ Արդարեւ տակաւին վերադարձի ճամբուն սկսայ այդ տառապանքը վերջացնելու եւ ձեռքիս ունիմ դարձեալ ցնցիչ գիրք մը։
Այսօր եթէ վաղուց ծանօթ չէք, կը փորձեմ ձեզի ծանօթացնել հեղինակ մը, որու կենսագրական բնոյթի գրառումները հերոսապատում մըն են նաեւ։ Պահեր կան, ուր կեանքն շարունակելն իսկ ինքնին հերոսութիւն մըն է։
Գիրք ծանօթացնող գրութիւնները ընդհանրապէս նիւթ կ՚ունենան նոր լոյս տեսած հրատարակութիւնները։ Իմ պարագան քիչ մը տարբեր է եւ ես ընթերցողներուն հետ կը կիսուիմ իմ նոր յայտնաբերած գործերը եւ անոնց թողած տպաւորութիւնները։
Փրիմօ Լեւի Բ. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն ձերբակալուած է Իտալիոյ մէջ եւ ուղղարկուած Աուշվիցի ճամբարը։ Ան մեղադրուած էր Իտալիոյ մէջ ֆիշիզմի դիմադրող խմբակի մը մաս կազմելուն պատճառաւ։ Ահա «Ասոնք ալ մա՞րդ են» վէպի մէջ այդ ճամբարի դաժան ապրումներն են, որ ականատեսի վկայութեամբ կը հասնին ընթերցողին։ «Մարդկային» եզրով բնութագրուած բոլոր ընկալումներու անհետացման պահն է, որ կը նկարագրէ Փրիմօ Լեւի։ Ընթերցողը այդ հոգեբանութիւնը կը զգայ մինչեւ իր ծուծը։ Սա այնպիսի հոգեբանութիւն է, ուր մարդոց միակ նպատակն է ի դէմ բոլոր տանջանքներու գոյութիւնը շարունակել։
Դաս մը ապուրը լաբելն իսկ բախտի յաջողութիւն կը համարուի այդ պայմաններուն տակ։ Անասուն փոխադրելու համար կառուցուած վակոններէն իջնող գերիները, այդ պահուն արդէն գիտեն թէ վերջին անգամ է, որ կը տեսնեն իրենց հարազատները։ Այդտեղ կատարուած դասաւորումը գործունակները կ՚ուղղէ դէպի աշխատանքային ճամբար, իսկ ոչ գործունեայ նկատուածներն ալ դէպի ողջակիզման խցիկներ։ Այդ դասաւորման նախօրէին նոյն անկողինը կիսող գերիներ գիտեն թէ իրենցմէ մէկը պիտի մնայ, իսկ միւսը ոչ։ Սա շատ ծանր խղճահարութեան մը պատկերն է։ Ո՞րն է բախտաւորը կամ ո՞ւր է ազատութիւնը։ Փրիմօ Լեւի այս հարցումը ամենացնցիչ կերպով կը քանդակէ ընթերցողի ուղեղին։ Իսկապէս ալ ո՞րն է ազատութիւնը։ Մահանալ ու անհետ կորչիլ, թէ՛ շարունակել այս դաժան տառապանքը։ Հարցումը այնքան խոր ազդած է տառապեալներու վրայ, որ անոնք նոյնիսկ նացիներու աճապարանքով եւ խուճապի մէջ ճամբարը լքելու պատկերը կը դիտեն խոր անհոգութեամբ։
Ահա մօտեցած է Կարմիր Բանակը, որ իր կարգին փրկութիւն կը խորհրդանշէ։ Այս պահուն այլեւս վիճելի դարձած է նոյնիսկ Աստուծոյ գոյութիւնը։ Եթէ պիտի հաւատանք այդ գոյութեան, որ կը կոչենք ամենակալ ու ամենազօր, հապա ինչպէ՞ս պիտի բնութագրենք բոլոր այս պատահածները։
Կեանքի վերադարձած է Լեւի, բայց իր հոգեբանութիւնը ամբողջովին խանգարուած։ Ամիսներու, նոյնիսկ տարիներու հոլովոյթով մէկ տող իսկ չէ գրած։ Մէկ բառ իսկ չէ արտասանած։ Բայց իր վրայ կը զգայ այդ տառապանքը, այդ չարչարանքը ուրիշներու ալ իմաց տալու պատասխանատուութիւնը։
Այս ապրուածները այնքան ծանր են, որ հեղինակը կը դժուարանայ զանոնք կրելու եւ կը դիմէ անձնասպանութեան։
Ես կը խոստանամ Փրիմօ Լեւիի այլ գործերը եւս կարդալ եւ տպաւորութիւններս կիսել ձեզ հետ։
Քուրթուլուշ Պաշթըմար
bastimar.kurtulus@gmail.com
«Ակօս»