image

«Նոր Սահմանադրութիւնը չենք ընդունում արտաքին ճնշումների կամ ուրիշի համար». Վարչապետ

«Նոր Սահմանադրութիւնը չենք ընդունում արտաքին ճնշումների կամ ուրիշի համար». Վարչապետ

 

«Երբեք ու երբեք չտրուէք գայթակղութեանը մտածելու, թէ մենք սա անում ենք արտաքին ճնշումների կամ ուրիշի համար», յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ Նոյեմբեր 23-ին, նոր Սահմանադրութեան նախագիծին հրապարակումէն ետք, ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին ժամանակ, ուղիղ հեռարձակմամբ անդրադառնալով 1990-ի Անկախութեան հռչակագիրի տրամաբանութենէն հրաժարելու հարցին։

Վարչապետին խօսքով՝ նոր Սահմանադրութեան նախագիծի 8-րդ յօդուածով կ՚ամրագրուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան նպատակը խաղաղութեան ապահովումն է։ Ան այս դրոյթը բնորոշած է որպէս «դարակազմիկ արձանագրում»։

Փաշինեան յայտարարած է, որ սա կը նշանակէ հրաժարում 1990-ի Օգոստոս 23-ի Անկախութեան հռչակագիրի՝ իր բնորոշմամբ «հակամարտութեան» տրամաբանութենէն։

Անոր խօսքով՝ նոր Սահմանադրութեան ընդունման նպատակն է ապահովել Հայաստանի պետականութեան յարատեւութիւնը եւ երկիրը դուրս բերել «ֆորպոստի տրամաբանութենէն»։

«Մեր նպատակը Հայաստանի Հանրապետութիւնը հողափոր խրամատից խաղաղութեան խաչմերուկ դարձնելն է», ըսած է վարչապետը՝ ընդգծելով նաեւ այնպիսի բանակ ունենալու անհրաժեշտութիւնը, որ կարենայ ինքնուրոյն պաշտպանել պետութեան սահմաններուն եւ միջազգայնօրէն ճանչցուած տարածքին անձեռնմխելիութիւնը։

Փաշինեան յայտարարած է, որ նոր Սահմանադրութեամբ կ՚առաջարկուի պետութեան նոր մոտել՝ «Չորրորդ Հանրապետութիւն»ը։

Վարչապետին գնահատմամբ՝ Երրորդ Հանրապետութիւնը ստեղծուած է հակամարտութեան համար, մինչդեռ Չորրորդ Հանրապետութեան հիմնական տարբերութիւնը պէտք է ըլլայ հակամարտութեան բացակայութիւնը։ Ան պնդած է, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնն ու բանակցային գործընթացը Հայաստանը հասցուցած են պետականութեան կորստեան եզրին։

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան վստահեցուցած է, որ նոր Սահմանադրութեան ընդունումէն ետք Հայաստանը պիտի ստորագրէ եւ վաւերացնէ խաղաղութեան համաձայնագիրը։

«Ես այս հարցի մէջ եմ դնում իմ ողջ քաղաքական, մարդկային ու բարոյական վստահելիութիւնը եւ ասում եմ, որ նոր սահմանադրութեան ընդունումից յետոյ մենք ոչ միայն ստորագրելու եւ վաւերացնելու ենք խաղաղութեան համաձայնագիրը Ադրբեջանի հետ, այլեւ ունենալու ենք ինստիտուցիոնալ, տեւական եւ անշրջելի խաղաղութիւն», յայտարարած է վարչապետը։

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը հնարաւորութիւն ունի միաժամանակ ունենալու խաղաղութիւն, անկախութիւն եւ պետականութիւն, մինչդեռ անցեալին, իր գնահատմամբ, ժողովուրդը ստիպուած եղած է ընտրութիւն կատարելու անոնց միջեւ։

Փաշինեան քննադատած է նաեւ նախկին իշխանութիւնները՝ զանոնք մեղադրելով պետական միջոցներու կողոպուտին մէջ։ Ան պնդած է, որ գործող Սահմանադրութիւնը կը պաշտպանէ իր բնորոշմամբ՝ քրէաօլիկարխիկ արդարադատութեան համակարգը, իսկ նոր Սահմանադրութեան նպատակներէն մէկն է արդարադատութիւնը օլիկարխիայի ազդեցութենէն ազատագրելը։

«Նոր սահմանադրութեան ընդունմամբ պետութիւնը պէտք է վերադարձուի ժողովրդին: Նոր սահմանադրութեան ընդունմամբ խաղաղութիւնը պէտք է վերադարձուի ժողովրդին», ըսած է վարչապետը։

Փաշինեան կրկնած է նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութեան ուղղուած իր առաջարկը՝ ապահովելու նոր Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու համար անհրաժեշտ վեց ձայները։

«Առաջարկում եմ, որ ընդդիմութիւնը կողմ քուէարկի Սահմանադրութեան նախագիծը հանրաքուէի դնելու որոշմանը եւ մենք անցկացնենք սահմանադրական հանրաքուէ», ըսած է վարչապետը։

Ան վերահաստատած է, որ եթէ քաղաքացիները հանրաքուէին մերժեն նոր Սահմանադրութիւնը, ինք պիտի հրաժարի եւ հեռանայ վարչապետի պաշտօնէն։ Իսկ եթէ նախագիծը ընդունուի, յաջորդ՝ հերթական կամ արտահերթ ընտրութիւններուն պիտի չառաջադրուի վարչապետի թեկնածու։ Մինչ այդ, իր խօսքով, պիտի զբաղի խաղաղութեան գործընթացի հաստատութենականացմամբ եւ վերջնականացմամբ։

Վարչապետը նաեւ ընդդիմութիւնը մեղադրած է խաղաղութեան հաստատման խոչընդոտելու մէջ՝ յոյս յայտնելով, որ ընդդիմադիր պատգամաւորները պիտի չխոչընդոտեն հանրաքուէի կայացումը։