Փրկարար ծառայութիւնը կը տեղեկացնէ, որ ՀՀ տարածքին մէջ կայ փակ ճանապարհ։
Փակ է Արագածոտնի մարզին մէջ «Ամբերդ» բարձր լեռնային օդերեւութաբանական կայանէն Քարի լիճ տանող ճանապարհը։
«Մեղրիի սար» կոչուող հատուածին մէջ եւ Ճամբարակ քաղաքին մէջ կը տեղայ ձիւն։
Գորիս քաղաքին մէջ մառախուղ է։
Վրաստանի Ներքին գործոց նախարարութեան Արտակարգ իրավիճակներու բաժանմունքէն եւ Ռուսիոյ Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան Հիւսիսային Օսիայի ճգնաժամային կառավարման կեդրոնէն ստացուած տեղեկատւութեան համաձայն՝ Ստեփանծմինդա-Լարս ճանապարհը բաց է բոլոր տեսակի փոխադրամիջոցներու համար:
Վարորդներուն խորհուրդ կը տրուի երթեւեկել բացառապէս ձմեռնային անուադողերով։