Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ռումբի մասին ահազանգը կեղծ եղած է։ Տեղեկութիւնը յայտնած է ՆԳՆ խօսնակ Նարեկ Սարգսեանը։
«Միջոցառումներ են ձեռնարկւում ահազանգողին յայտնաբերելու ուղղութեամբ։ «Շիրակ» օդանաւակայանի բնականոն աշխատանքը վերականգնուել է»,–ըսած է ան։
Նշենք` այսօր` ժամը 08:50-ի սահմաններուն, ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Շիրակի մարզային վարչութեան ահազանգ եղած է, որ Գիւմրիի «Շիրակ» օդակայանին մէջ ռումբ դրուած է։ Օդակայանի աշխատակիցները տարհանուած էին։ Օդանավակայանի տարածքը սահմանազատուած էր։