image

Գիւմրիի նախկին քաղաքապետն ու ընտանիքի անդամները դատախազութիւն հրաւիրուած են

Գիւմրիի նախկին քաղաքապետն ու ընտանիքի անդամները դատախազութիւն հրաւիրուած են

Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանը, անոր կինը՝ Նոնա Ղուկասեանը, դուստրը՝ Մանիա Ղուկասեանը, եւ որդին՝ Սպարտակ Ղուկասեանը, հրաւիրուած են ՀՀ ընդհանուր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է azdarar.am կայքին մէջ։

«Ղեկավարուելով «Ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման մասին» օրէնքի 16-րդ եւ 17-րդ յօդուածներով ծանուցում եմ, որ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնում Ձեզ պատկանող գոյքի առնչութեամբ իրականացուել է ուսումնասիրութիւն, որի արդիւնքում կազմուել է ամփոփագիր»,- նշուած է Ղուկասեանին եւ անոր ընտանիքի անդամներուն ուղարկուած ծանուցագրերուն մէջ։

Ըստ հրապարակուած փաստաթուղթի՝ Գիւմրիի նախկին քաղաքապետն ու անոր ընտանիքի հարազատները իրաւունք ունին ծանուցագիրը ստանալու պահէն մէկ ամսուան ընթացքին ներկայանալ ՀՀ գլխաւոր դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւն՝ ծանօթանալու գործի նիւթերուն, ներկայացնելու դիրքորոշում, ինչպէս նաեւ յայտարարագիր: