ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութեան Գիւմրիի բաժնի աշխատակիցներու կողմէ քաղաքացիներու հետ բացատրական աշխատանքներու շնորհիւ յայտնաբերուած են գնդացիրներ, նռնականետներ, ինքնաձիգներ, փամփուշտատուփեր եւ 3007 հատ տարբեր տրամաչափի փամփուշտներ։
ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան ռազմական ոստիկանութիւնը հաղորդած է, որ ապօրինի պահուող զէնք-զինամթերքի յայտնաբերման ուղղութեամբ ընթացող աշխատանքները շարունակական պիտի ըլլան, եւ միաժամանակ յորդորած է ապօրինի պահուող զէնք-զինամթերքը կամաւոր յանձնել Ռազմական ոստիկանութեան տարածքային ստորաբաժանումներ՝ քրէական պատասխանատւութենէ խուսափելու համար։
.jpg)